Արամ Ա. Կաթողիկոս Կ՛ողջունէ «Կիւլպենկեան» Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքի Յառաջիկայ Հինգ Տարիներու Ծրագիրը
Վեհարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունելով «Գալուստ Կիւլպենկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքի տնօրէն դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանը` Արամ Ա. կաթողիկոս ողջունեց «Գալուստ Կիւլպենկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքին պատրաստած նոր ծրագիրը` յառաջիկայ հինգ տարիներուն համար:
Վեհափառ հայրապետը յատուկ կերպով անդրադարձաւ հայակերտումի, հայ մշակութային արժէքներու պահպանման ու հարստացման, ինչպէս նաեւ արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան տրուած կարեւորութեան` նոր ծրագիրի ծիրին մէջ: Վեհափառ հայրապետը նաեւ շեշտեց դպրոցներուն ու կրթաթոշակներուն գծով օգտակար հանդիսանալու հրամայականը: Ան անդրադարձաւ արհեստագիտութեան տեղ տալու անհրաժեշտութեան, ինչ որ նկատի առնուած է հնգամեայ ծրագիրին մէջ: Իր գնահատականին առընթեր, սակայն, վեհափառը խիստ վերապահութիւն յայտնեց հնգամեայ ծրագիրին մէջ տեղ գտած հայ-թրքական յարաբերութեան զարգացման առնչուած ծրագիրներուն գծով:
Վեհափառ հայրապետը նաեւ գնահատեց հիմնարկութեան նոր կազմին տարած աշխատանքը` գլխաւորութեամբ Մարթին Եսայեանի, սերտ գործակցութեամբ հայկական բաժանմունքի տնօրէն դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանի:

