Էքուատոր Եւ Հոնտիւրաս Կը Վերականգնեն Դիւանագիտական Յարաբերութիւնները
«Պի.Պի.Սի.»-ի ռուսական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Էքուատորի նախագահ Ռաֆայէլ Քորիա եւ անոր հոնտիւրասցի պաշտօնակից Խուան Օրլանտօ Էռնանտես դիւանագիտական յարաբերութիւններու վերականգնման համաձայնագիր ստորագրած են: Երկու երկիրները յարաբերութիւնները խզած էին 2009-ին` Թեկուսիկալփի յեղաշրջումէն ետք:
Օրին իշխանութենէն նախագահ Մանուէլ Սելայի հեռացումը Հոնտիւրասի մէջ քաղաքական ճգնաժամ ստեղծած էր: Լատինամերիկեան բազմաթիւ երկիրներու ղեկավարներ չէին ճանչցած երկրին նոր կառավարութիւնը:
Սակայն Հոնտիւրասի նախորդ տարուան ընտրութիւնները, որոնց ընթացքին Էռնանտես յաղթած էր, դէտերը օրինական եւ ժողովրդավարական ճանչցած էին, որուն իբրեւ արդիւնք Հոնտիւրաս կրցաւ վերականգնել դիւանագիտական յարաբերութիւնները դրացիներուն հետ:
CATEGORIES Միջազգային

