«Վրաստան-Եւրոպական Միութիւն Ընկերակցութեան Համաձայնագիրը Ստորագրուելու Պատրաստ Պիտի Ըլլայ Մարտի Վերջաւորութեան» Ըսաւ Փանճիքիծէ

Մայա Փանճիքիծէ
«Նովոսթի-Կրուզիա» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Մայա Փանճիքիծէ Եւրոպական Միութեան ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Շթեֆան Ֆիւլէի հետ հանդիպումէն ետք յայտարարած է, որ Վրաստան-Եւրոպական Միութիւն ընկերակցութեան համաձայնագիրի բնագիրը համաձայնեցուած եւ պատրաստ պիտի ըլլայ մարտի վերջաւորութեան:
«Վրաստանն ու Եւրոպական Միութիւնը ցանկութիւն ունին որքա՛ն կարելի է շուտ ստորագրել Ընկերակցութեան համաձայնագիրը: Կողմերը աշխուժօրէն կը բանակցին անհրաժեշտ հոլովոյթներու շուրջ: Որոշուած է, որ փաստաթուղթի բնագիրին շուրջ ժամանակին համաձայնութիւն պիտի գոյանայ, ենթադրաբար` մարտի վերջաւորութեան», յայտարարած է Փանճիքիծէ:
Յիշեցնենք, որ նոյեմբեր 2013-ին «Արեւելեան գործընկերութեան» երկիրներու Վիլնիւսի վեհաժողովին ընթացքին Վրաստանն ու Մոլտաւիան նախաստորագրած էին Եւրոպական Միութեան հետ Ընկերակցութեան համաձայնագիրը:

