Իտալիա Վրդոված Է` Դաւիթի Արձանը Յայտնաբերելով Զէնքի Ամերիկեան Ծանուցումին Մէջ
Բրիտանական «Տը Թելեկրաֆ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Իտալիան կոչ ուղղած է զէնք արտադրող ամերիկեան «ԱմրաԼայթ» ընկերութեան անմիջապէս ջնջելու Դաւիթի արձանի պատկերին օգտագործումով զէնքի ծանուցումը:
Պաստառին վրայ Միքելանճելոյի հռչակաւոր Դաւիթի արձանը բռնած է «Էյ.Առ.-50Էյ1» մեծ տրամաչափի արձակազէնի զէնք:
Հեղինակները նկարին աւելցուցած են «Էյ.Առ.-50Էյ1` արուեստի գործ» գրութիւնը: Փոքր տառերով նկարին տակ գրուած է. «Հպարտութեամբ պատրաստուած է Միացեալ Նահանգներու մէջ»:
Իտալիոյ մշակոյթի նախարար Տարիօ Ֆրանչեսքինի «Թուիթըր» ընկերային ցանցին վրայ գրած է. «Զէնքով Դաւիթի պատկերը կը վիրաւորէ եւ կը խախտէ օրէնքը: Մենք միջոցներու պիտի ձեռնարկենք ամերիկեան ընկերութեան դէմ, որպէսզի ան անմիջապէս դադրեցնէ այդ ծանուցումը»:
Ֆլորենցիոյ պետական թանգարանէն բացատրած են, որ Դաւիթի արձանի պատկերի իրաւունքները կը պատկանին Իտալիոյ, եւ զայն կարելի չէ առանց թոյլտուութեան օգտագործել:

