«Նիւ Եորք Թայմզ» 160 Տարի Առաջ Գրուած Յօդուածի Մը Ճշդում Հրապարակած Է
ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը ճշդում մը հրապարակած է յօդուածի մը, որ տպագրուած էր 20 յունուար 1853-ին:
Այդ յօդուածը կը պատմէ Սոլոմոն Նորթափի կեանքի պատմութիւնը, ափրիկեան ծագումով ազատ ամերիկացի մը, որուն կ՛առեւանգեն եւ կը վաճառեն ստրկութեան: Նորթափի յուշագրութիւններուն հիման վրայ նկարահանուած է «Ստրկութեան 12 տարիներ» շարժանկարը, որ այս տարի «Օսքար» մրցանակ ստացած է` իբրեւ լաւագոյն շարժանկար:
«Յօդուածի բնագիրին մէջ Սոլոմոնի մականունը սխալմամբ տպուած է «Նորթոփ», սխալը եղած է նաեւ վերնագիրին մէջ` «Նորթրափ»: Սխալը յայտնաբերուած է երկուշաբթի` «Թուիթըր» օգտագործողներէն մէկուն շնորհիւ, որ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի արխիւին մէջ փնտռած է այդ յօդուածը», նշուած է օրաթերթին մէջ:
Սխալը նկատած եւ այդ մասին յայտնած է ամերիկացի լրագրող Ռեպեքա Սքլութը` գիտական նիւթերու հեղինակ, որուն նիւթերը կը տպագրուին նաեւ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի մէջ: «Հեգնականը այն է, որ այդ սխալը նկատած եմ ես ինքս որ միշտ խնդիրներ ունեցած եմ ուղղագրութեան հետ», կատակած է Սքլութ:

