Ֆրանչիսկոս Պապը Հրաւիրուած Է Քոնկրեսի Երկու Պալատներուն Առջեւ Խօսք Մը Արտասանելու

Ֆրանչիսկոս պապը
«Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչներու տան բանբեր Ճոն Պէյնըր նամակ մը ուղարկած է Ֆրանչիսկոս պապին եւ զինք հրաւիրած Քոնկրեսի զոյգ պալատներուն առջեւ խօսք մը արտասանելու:
Կը նախատեսուի, որ Հռոմի եպիսկոպոսապետը Միացեալ Նահանգներ այցելէ սեպտեմբերին: Այդ ընթացքին, բացի Ուաշինկթընէն ան պիտի այցելէ նաեւ Ֆիլատելֆիա: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա այս ամիս իր եւրոպական շրջագայութեան ընթացքին հանդիպում պիտի ունենայ պապին հետ: Հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 27 մարտին` Վատիկանի մէջ:
«Յայտնելով յարգանքս ու հիացմունքս Ֆրանչիսկոս պապին` իբրեւ Ս. աթոռի ղեկավար եւ Հռոմի` Արեւմտեան կիսագունդը ներկայացնող առաջին պապ, զինք կը հրաւիրեմ խօսք արտասանելու Քոնկրեսի զոյգ պալատներուն առջեւ», կը նշուի Պէյնըրի յայտարարութեան մէջ. վերջինս որ կը նկատուի Միացեալ Նահանգներու մէջ կաթողիկէ ամէնէն բարձրաստիճան պաշտօնատարը:
Պապին Քափիթոլի մէջ յայտնուիլը տեղւոյն դէտերը կը նկատեն աննախադէպ իրադարձութիւն:

