Ժիրինովսքի Կը Հերքէ Ազրպէյճանցի Ազգի Մը Գոյութիւնը

Վլատիմիր Ժիրինովսքի
Ազրպէյճանական «Haqqin.az» կայքը կը հաղորդէ, որ վերջերս Ռուսիոյ Տումայի նիստին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ անդրադառնալով Ուքրանիոյ եւ Խրիմի դէպքերուն` Ազատական-ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Վլատիմիր Ժիրինովսքի անյարգալից եւ նսեմացուցիչ արտայայտութիւններ ունեցած է ազրպէյճանցիներու եւ ուքրանացիներու հասցէին:
Ապա անդրադառնալով Ազրպէյճանին` ըսած է, որ նման ազգ առհասարակ գոյութիւն չունի: Ըստ անոր, ազրպէյճանցիներ թարգմանաբար կը նշանակէ «կասպիցցիներ»` մարդիկ, որոնք կը բնակին Կասպից ծովու ափին:
«Ի՞նչ կը նշանակէ Ազրպէյճան` ռուսերէն թարգմանելու պարագային: Ազերը Հազերն է, այսինքն` Կասպից ծովը, բաջա` երկրամաս: Այսինքն` մարդիկ, որոնք կը բնակին Կասպից ծովու ափին: Ռուսերէնով` կասպիցցիներ: Ի՞նչ է այդ, ազգութի՞ւն: Անոնք մարդիկ են, որոնք կը բնակին այնտեղ», ըսած է Ժիրինովսքի:

