Իրան Սուրիոյ Տագնապի Լուծման Իր Սեփական Ծրագիրը Փոխանցած Է Իպրահիմիի

Իպրահիմի եւ Զարիֆ
Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտուլլահեան յայտարարեց, որ Իրանի կառավարութիւնը մշակած է Սուրիոյ տագնապը լուծելու իր սեփական ծրագիրը: Ըստ անոր, փաստաթուղթը կազմուած է չորս կէտերէ: Իրանցի պաշտօնատարները այդ փաստաթուղթը փոխանցած են Իպրահիմիի եւ անոր հետ քննարկած անոր տարբեր կէտերը:
Ապտուլլահեան նշած է, որ «փաստաթուղթը կազմուած է սուրիական ճգնաժամի քաղաքական լուծման իրողութիւններուն, Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան պահպանման եւ ժողովրդավարական ընտրութիւններու միջոցով իրենց ճակատագիրը որոշելու քաղաքացիներու իրաւունքներուն համապատասխան»:
Ան նաեւ յայտնած է, որ Թեհրանի մէջ քննարկուելէ ետք, իրանեան ծրագիրը պիտի փոխանցուի սուրիական տագնապին լուծման հարցով հետաքրքրուած բոլոր կողմերուն:
CATEGORIES Միջազգային

