Ռուսիա Խրիմի «Գերիշխան Եւ Անկախ Պետութիւնը» Ճանչցաւ

Վլատիմիր Փութին
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ գիշեր ստորագրեց հրամանագիր մը, որուն ճամբով ճանչցաւ Խրիմը իբրեւ «գերիշխան եւ անկախ պետութիւն»: Աղբիւրներ նշեցին, որ հրամանագիրը կրնայ անմիջապէս ուժի մէջ մտնել: Նախագահական հրամանագիրը ստորագրուած է` «նկատի ունենալով խրիմեան հանրաքուէին ընթացքին Խրիմի ժողովուրդի կամքի արտայայտութիւնը»:
Նշենք, որ Փութին այսօր Ռուսիոյ կազմին մէջ նոր տարածքի` Խրիմի ընդգրկման հարցով պիտի դիմէ Դաշնակցային խորհուրդին: Ուղերձը նախատեսուած է Մոսկուայի ժամանակացոյցով ժամը 15:00-ին:
Եւրոպական Միութիւնն ու Միացեալ Նահանգները երէկ ռուս եւ ուքրանացի շարք մը պաշտօնատարներու դէմ ճամբորդութեան արգելք եւ հաշիւներու սառեցում հաստատեցին:
Եւրոպական Միութիւնը Պրիւքսէլի մէջ արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին ընթացքին 21 պաշտօնատարներու դէմ պատժամիջոցներ հաստատեց: Միացեալ Նահանգներ իրենց կարգին 7 ռուս կառավարական բարձրաստիճան պաշտօնատարներու եւ երեսփոխաններու, ինչպէս նաեւ Խրիմի ղեկավարներու դէմ պատժամիջոցներ հաստատեցին` «Ուքրանիոյ մէջ ժողովրդավարական հոլովոյթներն ու հաստատութիւնները» ականահարելնուն համար:
Պաշտօնատարներու շարքին են Խրիմի ղեկավար Սերկէյ Աքսիոնով, Ռուսիոյ փոխվարչապետ Տմիթրի Ռոկոզին եւ Դաշնակցային խորհուրդի նախագահ Վալենթինա Մաթվիենքօ:
Պատժամիջոցներու հաստատումէն ժամեր առաջ Խրիմի խորհրդարանը շրջանը անկախ պետութիւն յայտարարեց:
Ռուսիա նախապէս առաջարկեց տագնապին մէջ միջնորդութիւն կատարելու եւ սահմանադրութեան մէջ Ուքրանիոյ զինուորական եւ քաղաքական չէզոքութիւնը ապահովող փոփոխութիւն կատարելու համար միջազգային «կապի խմբակ» կազմել: Սակայն Քիեւի իշխանութիւնները առաջարկը մերժեցին` զայն նկատելով «կատարելապէս անընդունելի»:
Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլիըմ Հէյկ զգուշացուց, որ Ուքրանիոյ պատճառով Ռուսիոյ եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ պաղ պատերազմ կրնայ ծագիլ:
Խրիմի Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի նախագահը երէկ յայտարարեց, որ քուէարկողներուն 96.6 առ հարիւրը «այո» քուէարկած է Ռուսիոյ միանալու ընտրանքին: Միւս կողմէ, 1 ապրիլէն սկսեալ ռուսական ռուբլին պիտի ըլլայ Խրիմի պաշտօնական դրամանիշը: Շրջանի ժամը այս ամսուան վերջաւորութեան պիտի ճշդուի ըստ Մոսկուայի ժամանակացոյցին: Երէկ թերակղզիին մէջ Ռուսիոյ միանալու որոշումին որդեգրման առիթով արձակուրդ էր: Խրիմի իշխանութիւնները նաեւ թերակղզիին մէջ գտնուող Ուքրանիոյ պետութեան պատկանող բոլոր կալուածներուն ազգայնացումը յայտարարեցին:
Ուքրանիոյ ազգայնական «Սվոպոտա» խմբակցութեան ղեկավար Օլեկ Թիակնեպոք յայտարարեց, որ Ուքրանիոյ զինեալ ուժերը, որոնք Խրիմ կը գտնուին, պիտի չհեռանան թերակղզիէն: «Ուքրանական զօրքերը Խրիմէն պիտի չհեռանան: Ատիկա մեր տարածքն է, եւ մենք պիտի պաշտպանենք այդ տարածքը», ըսաւ ան:
Էրտողան. «Խրիմի Հարցին Մէջ Թուրքիան
Պիտի Գործէ Օթան-ի Հետ Միասնաբար»
«Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ» կը հաղորդէ, որ Իզմիրի մէջ 16 մարտի նախընտրական քարոզարշաւէն ետք Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան չնախատեսուած հանդիպում ունեցած է Ուքրանիոյ խորհրդարանական եւ Խրիմի թաթարներու խորհուրդի նախկին նախագահ Ճեմիլ Քըրըմլըօղլուի հետ: Ընդգծելով, որ Թուրքիան միակողմանի կերպով պիտի չմիջամտէ ուքրանական ճգնաժամին, Էրտողան ըսած է, որ հարցին շուրջ զրուցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:
«Արեւմուտքի հետ միասնաբար Թուրքիան կ’ուզէ, որ պահպանուի Ուքրանիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը: Եթէ ՕԹԱՆ այս հարցով որոշում տայ, Թուրքիան անշուշտ ատոր պիտի հետեւի», ըսած է Էրտողան:
«Անատոլու» կը հաղորդէ, որ նոյն օրը Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու թրքական «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսած է. «Թուրքիոյ դիրքորոշումը այս հարցին մէջ յստակ է. հակառակ պարագային, ամէն ոք գիտէ, որ մենք պիտի ձեռնարկենք անհրաժեշտ քայլերուն»:
«Պէտք չէ բանալ «Փանտորայի տուփը»: Եթէ Ուքրանիոյ մէջ ստեղծուի տէ Ֆաքթօ իրավիճակ, ատիկա տոմինոյի ազդեցութիւն պիտի ունենայ եւրասիական շրջանի բոլոր երկիրներուն համար», «Թուտէյզ Զաման»-ի համաձայն ըսած է Տաւութօղլու եւ աւելցուցած, որ Թուրքիա չ՛ուզեր Ռուսիան մեկուսացուի, սակայն ռուսերը պէտք է յարգանքով վերաբերին իրենց դրացի երկիրներուն տարածքային ամբողջականութեան հետ:

