Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայեատ մաղթեց, որ Եապրուտի տապալումը դառնայ օրինակ մը` վերադառնալու լիբանանեան ազգային միասնականութեան եւ Լիբանանի նկատմամբ յանձնառութեան:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ասեմ Արաժի յայտնեց, որ լիբանանեան ներքին առումով, յատկապէս Պեքաայի մէջ մտահոգութիւն եւ վախ կայ` նկատի ունենալով Եապրուտի ճակատամարտին աւարտը:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի ողջունեց կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը` աւելցնելով, որ լիբանանցի քաղաքացիներուն պարագային դիմադրութեան իրաւունքի ձեռք բերումը քաղաքական նուաճում է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Տահեր հաստատեց, որ միամտութիւն է մտածել, թէ Մուսթաքպալ հոսանքի թեկնածուն Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունն է:

ՆԱԽ Լիբանան երեսփոխանական համախմբումի անդամ երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ Սուրիոյ մէջ Հըզպալլայի միջամտութիւնները դրդապատճառներն են Լիբանանի մէջ գործուած անձնասպանական գործողութիւններուն:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Քարամ յայտնեց, որ կուսակցութիւնը մօտիկ ապագային իր ղեկավարին` Սամիր Ժահժահի անունը պիտի առաջադրէ` իբրեւ հանրապետութեան նախագահութեան թեկնածու:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Սամեր Սաատէ յայտնեց, որ եթէ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին պարագային իրենց պահանջը գործադրուի, ապա իրենց հարցը արմատական լուծում կը ստանայ:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ուաթան» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիէն պահանջած է Լապուէի մէջ տեղադրուած աւազատոպրակէ պատնէշները վերացնել:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Փաղանգաւոր կուսակցութեան հետ կատարուող բանակցութիւնները ի վերջոյ դրական արդիւնքի պիտի յանգին:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Սելիմ Սալհապ յայտնեց, որ կառավարութեան տրուելիք վստահութեան քուէն երկրին ապահովական կայունութիւնը պիտի երաշխաւորէ:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Քուէյթի դեսպան Ապտել Ալ Քանային, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու երկու երկիրներուն միջեւ փոխադարձ գործակցութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES