Ռաատ. «Մենք Կը Զօրակցինք Բանակին, Որ Երկրին Ապահովական Կայունութեան Երաշխիքն Է»
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ Դիմադրութեան յանձնառու մնալու իրենց նպատակն էր կերտել հզօր պետութիւն մը, որ կրնայ պաշտպանել Դիմադրութիւնը, ինչպէս նաեւ կը պաշտպանէ երկիրն ու կը կազմէ բանակ մը` օժտուած բոլոր արդիական սարքերով:
Ռաատ յայտնեց, որ եթէ լիբանանեան բանակը զինելու շուրջ համաձայնութիւն չկայ, ապա բոլոր նուիրատուութիւններն ու միլիոնաւոր տոլարները, որոնք իբրեւ թէ կը ծախսուին` լիբանանեան բանակը զինելու նպատակով, մանրամասնութիւններ են: «Կարծէք լիբանանեան բանակը մնայուն կերպով ենթակայ ըլլայ մերկ դիմադրութիւն ցուցաբերելու թշնամի Իսրայէլին դէմ», ըսաւ ան:
Ռաատ ընդգծեց, որ իրենք կը զօրակցին բանակին, որ երկրին ապահովական կայունութեան երաշխիքն է եւ պատրաստ` Լիբանանը պաշտպանելու իսրայէլեան թէ հաւատադրժողական որեւէ բռնարարքէ:
Ան ցաւ յայտնեց, որ տակաւին մարդիկ բանակին դէմ տրամադրուած են` հարց տալով, թէ ամօթ չէ՞ Թրիփոլիի մէջ բանակին զինուորները յարձակումի թիրախ դարձնել, երբ անոնք կը փորձեն քաղաքացիներուն միջեւ զինեալ բախումներուն վերջ տալ:

