Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Պասիլը

Պասիլ եւ Ռայի պատրիարքը

Պասիլ եւ Ռայի պատրիարքը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլը: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Պասիլ յայտնեց, որ իրեն համար կարեւոր է Ռայի պատրիարքին հետ խորհրդակցութիւնը` նախքան Վատիկան կատարելիք իր այցելութիւնը: «Ինծի համար կարեւոր է ստանալ Ռայի պատրիարքին օրհնութիւնը եւ հետեւիլ անոր ցուցմունքներուն, որոնք կը նպաստեն Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն բարօրութեան», ըսաւ Պասիլ:

Միւս կողմէ, «Ժումհուրիա» օրաթերթին համաձայն, Ռայի պատրիարքը հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլի հետ եւ անոր հետ քննարկած կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մէջ նշուած Դիմադրութեան վերաբերող եզրերը:

Share this Article
CATEGORIES