Ա. Նազարեան Ընդունեց Հարաւային Քորէայի Եւ Նորվեկիոյ Դեսպանները

Նորվեկիոյ դեսպանը եւ Նազարեան

Նորվեկիոյ դեսպանը եւ Նազարեան

Հարաւային Քորէայի դեսպանը եւ Նազարեան

Հարաւային Քորէայի դեսպանը եւ Նազարեան

Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Հարաւային Քորէայի դեսպան Շուի Ճոնկ Իլը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ Հարաւային Քորէայի միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութեան հեռանկարները, յատկապէս քարիւղի արտահանման մարզին մէջ:

Քննարկուեցան նաեւ ուժանիւթի վերաբերող շարք մը հարցեր:

Նախարար Նազարեան ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Նորվեկիոյ դեսպան Սվէյն Ասը, որուն հետ քննարկեց Նորվեկիոյ մէջ  ներկայիս կիրարկուող վառելանիւթի մարզի վարչութեան խորհուրդի ծրագիրը եւ զայն երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութեան շրջագիծին մէջ աշխուժացնելու հեռանկարը:

Share this Article
CATEGORIES