Պըրրի-Զօր. Քահուաժի Հանդիպում

Զօր. Քահուաժի եւ Պըրրի
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժին, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական իրադարձութիւնները, ներկայութեամբ` Պըրրիի խորհրդականներէն Ահմետ Պաալպեքիի:
Միւս կողմէ, Պըրրի լիբանանեան կարգ մը լրատուամիջոցներու եւ օրաթերթերու հետ իր ունեցած հարցազրոյցներուն ընթացքին հաստատեց, որ իրեն համար բնաւ հաճելի չէ լսել, թէ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին առումով այս կամ այն կողմը յաղթական կամ պարտուած դուրս եկած է:
Պըրրի շեշտեց, որ Դիմադրութիւնը համազօր է իւրաքանչիւր լիբանանցիի արժանապատուութեան, «եւ խորհուրդ կու տամ բոլորին` վերաքաղ մը կատարելու հարաւային Լիբանանի պատմութեան: Եթէ մենք հարաւային Լիբանանի պատմութենէն հրաժարինք, ապա ինչպէ՞ս կանգ պիտի առնենք պատմութեան, Աստուծոյ եւ նահատակներուն ծնողներուն դիմաց», հարց տուաւ ան:
Պըրրի յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութիւնն ու անոր աշխատանքային ծրագիրին վաւերացումը դէպի նախագահական ընտրութիւն առաջնորդող երկու հիմնական քայլերն են, «հետեւաբար պէտք է կեդրոնանալ նախագահական ընտրութեան վրայ եւ թեկնածուներ առաջադրել», ըսաւ ան:

