«Երկրին Ապահովութիւնը Խախտող Օրինազանցները Պէտք Է Սաստել» Շեշտեց Թամմամ Սալամ

Ժեմայէլ եւ Սալամ

Ժեմայէլ եւ Սալամ

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ ցաւ յայտնեց Թրիփոլիի մէջ արձանագրուող զինեալ բախումներուն առումով եւ խստիւ դատապարտեց ամէն տեսակի բախումները, ըլլան անոնք քաղաքացիներուն միջեւ, թէ զինեալ խմբաւորումներուն ու բանակին միջեւ:

Վարչապետ Սալամ կոչ ուղղեց լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն զօրակցելու եւ ամէն ջանք ի գործ դնելու` երկրին ապահովութիւնը խախտող օրինազանցներէն ձերբազատելու համար:

Վարչապետը խստիւ դատապարտեց Նապի Օսմանի պայթումը եւ ցաւակցութիւն յայտնեց զոհերուն հարազատներուն, ինչպէս նաեւ ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն:

Ան դատապարտեց նաեւ Արսալի եւ Լապուէի ռմբակոծումը եւ կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն ամրապնդելու իրենց ազգային միասնականութիւնը:

Վարչապետ Սալամ ընդունեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժին, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Թրիփոլիի եւ հիւսիսային Պեքաայի մէջ ապահովական կացութիւնը հակակշռելու իմաստով բանակին որդեգրած միջոցառումները:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Նապի Օսմանը թիրախ դարձուցած պայթումն ու Պեքաայի կարգ մը շրջաններուն դէմ կատարուած ռմբակոծումները:

Վարչապետ Սալամ զօր. Քահուաժիին տուաւ ցուցմունքներ` ընդգծելով, որ երկրին ապահովութիւնը խախտող օրինազանցները պէտք է սաստել, յատկապէս հիւսիսային Լիբանանի մայրաքաղաքին ապահովութիւնը խախտող կողմերուն նկատմամբ պէտք չէ թոյլ վարուելակերպ ցուցաբերել: «Լիբանանեան որեւէ շրջանի ապահովական կայունութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը խախտող բոլոր քայլերը պէտք է սանձել», ըսաւ ան:

Վարչապետ Սալամ բանակի հրամանատարութենէն պահանջեց Պեքաայի սահմանային շրջաններուն, յատկապէս Արսալի, Լապուէի եւ մօտակայ գիւղաքաղաքներուն մէջ ապահովական բոլոր միջոցառումներուն դիմել:

Վարչապետ Սալամ կէսօրին ընդունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլը, որ մեկնեցաւ մերժելով յայտարարութիւն կատարել:

Յետմիջօրէին Փաղանգաւոր կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլի, այցելեց վարչապետարան, ուր հանդիպում մը տեղի ունեցաւ վարչապետ Սալամի հետ:

Հանդիպումէն ետք Ժեմայէլ յայտնեց, որ բոլորը տեղեակ են կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին վերաբերեալ իրենց մերժողական կեցուածքէն, «հետեւաբար մենք վարչապետին հետ ունեցանք անկեղծ զրոյց մը», աւելցուց ան:

Ժեմայէլ մաղթեց, որ յառաջիկայ ժամերուն եւ կատարուելիք հաղորդակցութիւններուն լոյսին տակ կարելի ըլլայ յանգիլ դրական տուեալներու, որպէսզի լիբանանեան հանրային կարծիքը իր մտավախութիւնները փարատէ, եւ ազգային շահերը իրականանան: Ան աւելցուց, որ ինք հանդիպում մը պիտի ունենայ նաեւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հետ:

Իր կարգին, վարչապետ Սալամ դրուատեց Ամին Ժեմայէլի առաջարկը` հասկացողութիւն ցուցաբերելով անոր արծարծած մտահոգութիւններուն նկատմամբ: Ան աւելցուց նաեւ, որ ազգային շահերու կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մէջ յստակօրէն նշուած է լիբանանեան պետութեան գերիշխանութեան եւ անոր ազգային ինքնորոշման իրաւունքը:

«Կառավարութիւնը աշխատանքային իր ծրագիրին մէջ շեշտեց լիբանանեան պետութեան հեղինակութիւնը` երկրին քաղաքական որոշումներուն առումով, ինչպէս նաեւ հաստատեց պետութեան պատասխանատուութիւնը եւ դերակատարութիւնը` երկրին անկախութիւնն ու գերիշխանութիւնը ամրապնդելու, ինչպէս նաեւ քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը պահպանելու առումով», ըսաւ ան:

Վարչապետը աւելցուց, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը նուաճում մըն է, որուն մէջ ո՛չ պարտուող եւ ո՛չ ալ յաղթական կողմեր կան:

Share this Article
CATEGORIES