Նախագահ Սլէյման Դրուատեց Բանակին Եւ Ապահովութեան Ուժերուն Ջանքերը` Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարին Առումով

Նախագահ Սլէյման եւ Ապպաս Իպրահիմ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման դրուատեց ահաբեկչութեան դէմ պայքարին առումով լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն ի գործ դրած ջանքերը, ինչպէս նաեւ ականուած կարգ մը ինքնաշարժներու բացայայտումը:
Նախագահ Սլէյման կոչ ուղղեց մնալու կազմ ու պատրաստ եւ հսկելու երկրին ապահովական կայունութեան, քաղաքացիներուն անվտանգութեան, ինչպէս նաեւ վերջ տալու երկրին մէջ սադրանքներու նախապատրաստութեան եւ գրգռութիւններու հրահրումին:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը, որուն հետ քննարկեց պաղեստինեան գաղթակայաններուն ապահովական կացութիւնը, ինչպէս նաեւ պաղեստինցի գաղթականներուն իրավիճակը:
Նախագահ Սլէյման Ապպաս Իպրահիմին փոխանցեց իր ցուցմունքները` պահպանելու համար պաղեստինեան գաղթակայաններուն ապահովութիւնը եւ պաղեստինեան հեղինակութիւններուն պարտադրելու համար լիբանանեան օրէնքներու յարգումը:
Նախագահական պալատին այցելուներէն եղան նաեւ նախկին նախարարներ Թալալ Մերեհպի, Նազեմ Խուրի եւ Իսամ Խուրի: Քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող իրադարձութիւնները:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեցին նաեւ Դատական իշխանութեանց գերագոյն խորհուրդի նախագահ, դատաւոր Ժան Ֆահըտ: Քննարկուեցաւ ահաբեկչութեան յանցանքով ձերբակալուած յանցագործներու պատիժներուն թղթածրարը:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ Անկախութեան շարժումի նախագահ Միշել Մուաուտը:

