Բանակը Խիտ Շարքերով Կ՛ուղղուի Պեքաա

Lebanese-army-position18768Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ  անկարգելաւորներու ջոկատը պայթեցուցած է Ֆեքհա-Ռաս Պաալպեք ճամբուն վրայ գտնուող «Կրանտ Շերոքի» տիպի ականուած ինքնաշարժ մը` անոր վրայ «էր. Փէ. Ժէ.» տիպի նռնականետ մը արձակելով:

Ականուած ինքնաշարժը, որուն շուրջ կանգնող զինեալները փախուստ տուած էին դէպի սուրիական սահման, կը պարունակէր 170 քիլոկրամ պայթուցիկ նիւթ:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ բանակի սակրաւորները որոշած էին ականուած այդ ինքնաշարժը պայթեցնել եւ անոնք հաստատած էին, որ անոր վնասազերծումը բաւական բարդ աշխատանք կ՛ենթադրէ:

Բանակը, որ երէկ առաւօտեան մեծ թիւերով հասաւ Պեքաա եւ Լիբանանի Արեւելեան լեռնաշղթայ, խստացուց իր հսկողութիւնն ու հետապնդումները, ինչպէս նաեւ կատարեց ներխուժումներ եւ բացայայտեց ականուած այլ ինքնաշարժներ:

Միւս կողմէ, նշենք, որ անպաշտօն աղբիւրներ յայտնեցին, թէ Եապրուտի տապալումէն ետք մեծ թիւով զինեալներ շուրջ 7 ականուած ինքնաշարժներ փոխադրեցին Լիբանան:

Նապի Օսմանի Մէջ

Կիրակի գիշեր Նապի Օսման գիւղաքաղաքը  թիրախ դարձուցած պայթումին վայրին մէջ սկսած քրէական ոստիկանութեան փաստահաւաքներու բաժանմունքի աշխատանքները աւարտեցան երէկ առաւօտեան:

Քաղաքապետարանն ու քաղաքացիական ապահովութեան ուժերը շարունակեցին իրենց աշխատանքը` վերացնելով արձանագրուած քանդումին հետքերը եւ Նապի Օսմանը վերադարձնելով իր բնական ընթացքին:

Միւս կողմէ, սակայն, Լապուէի վրայ ինկան չորս հրթիռներ, որոնք Արսալի կողմէ կու գային:

Հրթիռները պատճառեցին նիւթական վնասներ:

Լապուէի քաղաքապետ Ռամեզ Ամհազ կոչ ուղղեց Արսալի բնակչութեան իրենց շրջանները բաց պահելու լիբանանեան պետութեան դիմաց` աւելցնելով, որ Արսալի բնակիչները կարողութիւնը չունին հակակշռելու Արսալի մէջ գտնուող սուրիացիները:

Ամհազ յայտնեց, որ Արսալի սուրիացիները հովանաւորող պատասխանատու Մուսթաֆա Պու Թաքիէն է, որ լիբանանցիներուն տուները կը քանդէ` ՏԱՀԵՇ-ի եւ Ժապհաթ Նուսրայի զօրակցելով եւ անոնց օժանդակելով:

Նշենք, որ բանակը դիրքաւորուեցաւ նաեւ Արսալի եւ անոր շրջակայ գիւղաքաղաքներուն միջեւ` արգիլելու համար ականուած ինքնաշարժներուն եւ զինեալներուն Լիբանան մուտքը:

Պէտք է աւելցնել, որ Լապուէ Արսալ ճամբան մնաց փակ` Լապուէի բնակչութեան կողմէ, մինչ Արսալի բնակիչները պահանջեցին բանալ այդ ճամբան:

Թրիփոլիի Զինեալ Բախումները
Բուռն Թափով Կը Շարունակուին

Թրիփոլիի մէջ զինեալ բախումները երէկ յետմիջօրէին բուռն թափով շարունակուեցան Պաքքարի, Ժապալ Մըհսենի, Մանքուպինի եւ Պաալ Տարաուիշի շրջաններուն մէջ:

Ժապալ Մըհսենի եւ Պապ Թըպպանէի միջեւ վեց օր առաջ սկսած զինեալ բախումներուն 20-րդ փուլին ընթացքին արձանագրուած

զոհերուն թիւը հասաւ 17-ի, իսկ վիրաւորներունը` 70-ի:

Զինեալ բախումներ արձանագրուեցան նաեւ լիբանանեան բանակի զինուորներուն հետ, որոնք խստացուցին շրջուն ջոկատներուն իրենց հսկողութիւնը` ապահովութիւնը վերահաստատելու նպատակով:

Թրիփոլիի բոլոր դպրոցներն ու համալսարանները երէկ մնացին փակ: Աշակերտները եւ ուսանողները կատարեցին բողոքի ցոյց մը, որուն ընթացքին շեշտեցին, որ իրենք կը փափաքին սորվիլ եւ բողոքեցին քաղաքին մէջ տիրող ապահովական անկայուն կացութեան դէմ:

Ցոյցին ընթացքին աշակերտները հագուեցան իրենց դպրոցական տարազները եւ իրենց ուսերուն ունեցան դպրոցական պայուսակներ, իսկ իրենց ձեռքերուն մէջ բռնեցին մատիտ եւ գրիչ:

 

 

 

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES