Վանի Մէջ Խոտի Պահեստանոցի Վերածուած Հայկական Եկեղեցին Պիտի Մաքրուի
Թրքական «Ճիհան» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Վանի նահանգապետարանի մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան վարչութիւնը Վանի Շատախ բնակավայրին մէջ իբրեւ անասուններու համար կերի պահեստանոց ծառայող հայկական եկեղեցին պաշտպանութեան տակ առած է:
Վարչութեան պետ Մուզաֆֆեր Աքթուղ յայտարարած է, որ կառոյցը ամէնէն կարճ ժամկէտի մէջ պիտի դատարկուի եւ մաքրուի:
Առայժմ եկեղեցւոյ վերակառուցման կարելիութեան մասին չի խօսուիր:
Օրեր առաջ տեղեկութիւն տարածուած էր, որ Վանի Շատախ շրջանի մէջ 100 տարի առաջ հայ հաւատացեալներուն ծառայած, իսկ 30 տարի առաջ իբրեւ դպրոց օգտագործուած հայկական եկեղեցին այժմ իբրեւ խոտի պահեստանոց կ՛օգտագործուի:
Գիւղացիներէն Սելիմ Կուրպան պատմած էր, որ տարիներ առաջ զբօսաշրջիկներ եկած են եկեղեցին տեսնելու, սակայն ատկէ ետք ոչ ոք եկեղեցւոյ «տէր կանգնած է»: Ան նշած էր, որ իրենց ցաւ կը պատճառէ եկեղեցւոյ վիճակը, եւ կը պահանջեն վերականգնել զայն:

