Ուրֆայի Մէջ Հայկական Գերեզմաններ Ու Սրբապատկերներ Յայտնաբերուած Են
Ուրֆայի խորհրդանիշ նկատուող բերդի ստորոտին հնագէտներու կողմէ կատարուող պեղումներու ընթացքին բազմաթիւ մեծ ու փոքր քարանձաւներ ի յայտ եկած են: Որոշ քարանձաւներու մէջ հայկական եւ քրիստոնէական գերեզմաններ, ինչպէս նաեւ Աստուածածինի ու Քրիստոսի սրբանկարներ յայտնաբերուած են:
Թրքական «Հապեր3» կայքը կը հաղորդէ, որ պեղումներուն, որոնց հետ անմիջական կապ չունեցող անձերուն մուտքը արգիլուած է, կը մասնակցին նաեւ ասորիները:
Յարակից տարածքներու բնակիչները դիմած են ոստիկանութեան` յայտնելով, որ ասորիները բահերով կը փորեն տեղը: Դէպքին վայրը ժամանած ոստիկանութեան աշխատակիցները ի յայտ բերած են, որ անոնք կ՛աշխատին հնագէտներու գիտութեամբ` օրավարձով:
CATEGORIES Հայկական

