«Կառավարութեան Անվստահութիւն Յայտնելը Կիսամիջոց Է» Կ՛ըսէ Րաֆֆի Յովհաննէսեան

Րաֆֆի Յովհաննէսեան:
Անցեալ շաբաթ Կապանի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ժամանակ Ժառանգութիւն կուսակցութեան ղեկավար Րաֆֆի Յովհաննէսեան յայտարարեց, որ կառավարութեան անվստահութիւն յայտնելը կիսամիջոց է` ընդգծելով, որ երկրին մէջ փոփոխութիւններ իրականացնելու համար անհրաժեշտ է ամբողջական իշխանափոխութիւն:
Այս յայտարարութիւնը Րաֆֆի Յովհաննէսեան կատարեց անցեալ ուրբաթ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանի հետ հանդիպումէն ետք: Ոչ իշխանական չորս ուժերը` Հայ ազգային քոնկրեսը, Բարգաւաճ Հայաստանը, Դաշնակցութիւնը եւ Ժառանգութիւնը այս հանգրուանին համաձայնած են համագործակցիլ կառավարութեան անվստահութիւն յայտնելու Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան նախաձեռնութեան շուրջ` յոյս յայտնելով, որ հետագային համագործակցին ամբողջական իշխանափոխութեան շուրջ:
«Եթէ կառավարութեան անվստահութիւն յայտնելու հարցը երբեւէ ներկայանայ խորհրդարան, Ժառանգութիւնը երբեք դէմ պիտի չքուէարկէ: Մենք կողմ ենք, բա՞յց անիկա կիսամիջոց է: Վարչապետ մը, նախարար մը, պաշտօնեայ մը փոխելով կացութիւնը չի փոխուիր… մենք բոլորս գիտենք, որ մեր արատը ամէնէն վերէն է», ըսաւ Ր. Յովհաննէսեան:

