Մամետով Կը Դժգոհի Մինսքի Խմբակի Աշխատանքէն

Նովրուզ Մամետով

Նովրուզ Մամետով

Ազրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի արտաքին կապերու բաժանմունքի պետ Նովրուզ Մամետով յայտարարեց, որ «ղարաբաղեան տագնապը կը մնայ չլուծուած: ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին մէջ համանախագահող երկիրները յստակ քայլերու չեն ձեռնարկեր անոր արդարացի լուծման համար:

Ըստ «Թրենտ» լրատու գործակալութեան, Մամետով այս յայտարարութիւնը կատարեց Պաքուի մէջ երէկ տեղի ունեցած միջազգային կառոյցներու մէջ աշխատող ազրպէյճանցիներու առաջին համագումարին ժամանակ:

 

Share this Article
CATEGORIES