«Կառավարութիւնը Եւ Անոր Առանձին Անդամներ Ցնցումներու Մէջ Են» Կ՛ըսէ Արծուիկ Մինասեան

Արծուիկ Մինասեան
Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան վստահութիւն յայտնեց, որ կառավարութիւնը եւ անոր առանձին անդամներ ցնցումներու մէջ են, ատիկա արդէն ակնյայտ փաստ է, եւ չկարենալով պատասխանել քաղաքացիական հասարակութեան գործիչներուն եւ քաղաքական ուժերուն, զանոնք կը մեղադրեն չեղած կամ կեղծ գործողութիւններու մէջ:
«Երկիր»-ի հետ զրոյցին ընթացքին Մինասեան յայտարարեց, որ թէ՛ 7 մարտի բողոքի ցոյցին, թէ՛ մնացած բոլոր բողոքի ցոյցերուն հիմնական կազմակերպիչը «Դէմ եմ պարտադիրին» քաղաքացիական շարժումն է, եւ այդ հոլովոյթին մէջ չկայ որեւէ կուսակցական միջամտութիւն: Մինասեան շեշտեց, որ բոլորին յայտնի է, որ Ազգային ժողովի չորս կուսակցութիւնները կ՛աջակցին այդ քաղաքացիական շարժումին մասնակիցներուն եւ պատրաստ են մինչեւ վերջ պայքարելու այս ուղղութեամբ:
Ըստ Արծուիկ Մինասեանի, ակնյայտ է, որ «Դէմ եմ պարտադիրին» շարժումը չի կրնար միայն հասարակական հնչեղութիւն ունենալ, եւ ի սկզբանէ քաղաքական է: «Հաւանաբար կառավարութեան բազմաթիւ անդամներ կուսակցական եւ քաղաքական հասկացողութիւնները կը շփոթեն իրարու հետ: Եթէ իրենց կը թուի, որ անպայման տեղէ մը պէտք է հրահրուի քաղաքացիներուն կողմէ իշխանութեան վրայ ճնշելը, ուրեմն անոնք չարաչար կը սխալին: Այս պայքարը չի կրնար դադրիլ, այնքան ատեն որ յստակ պատասխան չէ տրուած պարտադիր բաղադրիչին դէմ թէ՛ ընդդիմացողներուն, թէ՛ քաղաքական ուժերուն», ըսաւ Ա. Մինասեան:

