Լեռնային Ղարաբաղը Խրիմի Հանրաքուէն Կը Դիտարկէ Իբրեւ Ինքնորոշման Իրաւունքի Հերթական Դրսեւորում
Երէկ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի, որ «նախարարութիւնը 16 մարտին Խրիմի Ինքնավար Հանրապետութեան մէջ հանրաքուէի կայացումը կը դիտարկէ իբրեւ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի իրականացման հերթական դրսեւորում»:
Յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս կը նշուի, որ իր զարգացման ուղին ինքնուրոյնաբար ընտրելու եւ ժողովրդավարական կամքի արտայայտութեան միջոցով ճակատագիրը որոշելու իւրաքանչիւր ժողովուրդի իրաւունք, որ ամրագրուած է ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան եւ շարք մը հիմնարար միջազգային փաստաթուղթերու մէջ, միջազգային իրաւունքի առանցքային սկզբունքներէն մէկն է:
«Վերջին տարիներու փորձը եւ մասնաւորապէս Քաթալոնիոյ եւ Սկովտիոյ մէջ նախատեսուած հանրաքուէները կը վկայեն, որ ժողովուրդներու ինքնորոշման անքակտելի իրաւունքի ճանաչումն ու գործադրումը նմանատիպ խնդիրներու խաղաղ լուծման առաւել արդիւնաւէտ եւ ժողովրդավարական եղանակն է: Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը յոյս կը յայտնէ, որ Խրիմի Ինքնավար Հանրապետութեան մէջ հանրաքուէի իբրեւ արդիւնք ստեղծուած իրավիճակը իր լուծումը ստանայ իրաւական դաշտին մէջ` բացառապէս խաղաղ միջոցներով», շեշտեց յայտարարութիւնը:

