Ուորլիք. «Պէտք Է Հասկնանք, Թէ Ի՛նչ Կարելի Է Սորվիլ Ուքրանիոյ Իրադարձութիւններէն Լեռնային Ղարաբաղի Խնդիրին Համար»
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք «Թուիթըր» ընկերային ցանցի իր էջին վրայ գրած է. «Հակառակ անոր որ Միացեալ Նահանգները չեն կրնար ընդունիլ Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ գործողութիւնները, կան ոլորտներ, ուր կրնանք շարունակել միասին աշխատիլ, ինչպէս` Լեռնային Ղարաբաղի մէջ խաղաղութեան հաստատումը»:
Ուորլիք մէկ այլ գրառումի մէջ նշած է. «Պէտք է փորձենք հասկնալ, թէ ի՛նչ կարելի է սորվիլ Ուքրանիոյ իրադարձութիւններէն` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ տագնապին համար»:
CATEGORIES Հայկական

