ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՍԼՈՎԵՆԻՈՅ ԻՐ ՊԱՇՏՕՆԱԿԻՑԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑ ՔԱԶԱՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԻՆ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐԸ
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Սլովենիոյ նախագահ Տանիլօ Թեիրքի հետ:
Սլովենիոյ նախագահին խնդրանքով նախագահ Սարգսեան ներկայացուց Քազանի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին արդիւնքները: Թեիրք կարծիք յայտնեց, որ միայն խաղաղ բանակցութիւններով կարելի է լուծել Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը, եւ ուժի կիրարկումը կամ անոր սպառնալիքը անընդունելի նկատեց:
CATEGORIES Հայկական