Յունաստանի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Օլիմփիաքոս` Ախոյեան

olimpiakosՆախորդ շաբաթավերջին Օլիմփիաքոս հանդիսացաւ Յունաստանի ֆութպոլի ախոյեան` 41-րդ անգամ ըլլալով, երբ 2-0 արդիւնքով յաղթեց Փանթարաքիքոսի:

Յունաստանի ախոյեանութեան 2013-2014 տարեշրջանին աւարտէն 5 հանգրուան առաջ, անիկա այժմ 18 կէտի առաւելութիւն մը ունի իր անմիջական մրցակիցին եւ 2-րդ դիրքը գրաւող կազմին վրայ:

Իր այս իրագործումէն ետք, այժմ Օլիմփիաքոս բարձր տրամադրութեամբ պիտի կատարէ Մանչեսթըր Եունայթըտի դէմ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ դարձի իր մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ վաղը` «Օլտ Թրեֆորտ»-ի մէջ: Նշենք, որ Մանչեսթըր երթին 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Յունաստանի մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES