Իպրահիմովիչ Փարիզ Սեն Ժերմենի Հետ Նոր Մրցանիշ Մը Հաստատեց
Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենի յառաջապահ Զլաթան Իպրահիմովիչ, որ «Լիկ-1»ի 29-րդ հանգրուանին Սենթ Էթիենի դէմ տեղի ունեցած մրցումին (2-0) նշանակեց իր կազմին երկու կոլերը, փարիզեան ակումբին հետ նոր մրցանիշ մը հաստատեց կոլսքորըրներու դասաւորման մէջ:
Ընթացիկ տարեշրջանին ընթացքին շուէտացի յառաջապահը դարձաւ 40 կոլի հեղինակ` մէկ կոլով գերազանցելով Քարլոս Պիանքիի` 1977-78 տարեշրջանին արձանագրած արդիւնքը:
Ան ցարդ նշանակած է 25 կոլ` «Լիկ-1»-ի մրցումներուն, 5 կոլ` Ֆրանսայի, իսկ 10 կոլ` «Չեմփիընզ լիկ»-ի բաժակի մրցաշարքերուն, իր լուրը կ՛եզրափակէ ArmSport.am:
Բնականաբար, ան մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը աւելի պիտի բարելաւէ իր հաստատած մրցանիշը:
CATEGORIES Մարզական

