Ինցակի` Ա. Սէ. Միլանի Մարզի՞չ

indzaghi-1703Իր լուրը քաղելով իտալական հանրածանօթ «Քորիերէ Տելլօ Սփորթ»-էն` ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը յայտնէ, որ Ա. Սէ. Միլան մտադիր է պաշտօնանկ ընել իր մարզիչը` Քլարենս Սիտորֆը:

Անիկա կ՛աւելցնէ, որ ատիկա կրնայ պատահիլ շատ մօտիկ ապագային, կամ` այս տարեշրջանին աւարտին:

Ըստ իտալական մամուլին, ակումբին նախագահ Սիլվիօ Պերլուսքոնի իր տուած որոշումին համար արդէն իսկ զղջացած է` խումբին ղեկը վստահելով մարզիչի ասպարէզին մէջ փորձառութիւն չունեցող հոլանտացի մասնագէտին:

Ասկէ մեկնելով` ան կ՛ուզէ այդ պաշտօնը վստահիլ իտալացի անուանի նախկին ֆութպոլիստ Ֆիլիփօ Ինցակիին, որ այժմ ակումբին երիտասարդներու խումբին մարզիչն է:

Նախքան այս լուրին հրապարակումը տարաձայնութիւններ կային, որ հաւանաբար Սիտորֆի յաջորդը ըլլայ Փարմայի մարզիչ Ռոպերթօ Տոնատոնի:

Նշենք, որ «Քալչիօ»-ի 28-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Ա. Սէ. Միլան այժմ կը գտնուի 11-րդ դիրքին վրայ:

Share this Article
CATEGORIES