Ճատրակ. Եւրոպայի Անհատական Ախոյեանութիւն. Ռուս Ալեքսանտր Մոթիլեւ Հանդիսացաւ Ախոյեան

Motylev-2Նախորդ շաբաթավերջին Երեւանի մէջ վերջ գտաւ Եւրոպայի ճատրակի անհատական ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցան 11-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումները` մասնակցութեամբ 259 երկսեռ ճատրակ խաղացողներու:

Առաւելագոյն 11 կէտէն 9 կէտ ապահովելով` ախոյեան հանդիսացաւ ռուս Ալեքսանտր Մոթիլեւ: 2-րդ դիրքը գրաւեց սպանացի Տաւիտ Անթոն Կուիխարօ (8 կէտ), իսկ 3-րդ դիրքը` ռուս Վլատիմիր Ֆետոսիեւ (8 կէտ):

Հայաստանէն մասնակցողներուն մէջ ամէնէն բարձր դիրքը գրաւեց Հրանդ Մելքումեան, որ 7,5 կէտ ապահովելով հանդիսացաւ 10-րդ:

Նոյնքան կէտ ապահովեցին նաեւ Գաբրիէլ Սարգիսեան (16-րդ) եւ Սամուէլ Տէր Սահակեան (22-րդ):

7-ական կէտ ապահովեցին Արման Փաշիկեան (26-րդ) եւ Տիգրան Լ. Պետրոսեան (44-րդ):

Էլինա Դանիէլեան 6 կէտ ապահովելով հանդիսացաւ 106-րդ:

 

Share this Article
CATEGORIES