Լիոնել Մեսսի` Պարսելոնայի Ֆութպոլի Պատմութեան Լաւագոյն Կոլսքորըրը

lionel1-1703Արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի, որ նախորդ շաբաթավերջին Օսասունայի դէմ («Լա լիկա») իր կազմին` Պարսելոնայի արձանագրած յաղթանակին մէջ (7-0) իր մեծ եւ կարեւոր դերը ունեցաւ, հեթրիք մը իրագործելով ակումբին ֆութպոլի պատմութեան մէջ հանդիսացաւ լաւագոյն կոլսքորըրը` նշանակելով իր 371-րդ կոլը իր կազմին հետ իր կատարած բոլոր տեսակի ախոյեանութիւններուն, մրցաշարքերուն եւ բարեկամական մրցումներուն ընթացքին:

Նախկին մրցանիշը կը պատկանէր Փաուլինօ Ալքանթարայի, որ 1912-1927 ժամանակամիջոցին նշանակած էր 369 կոլ:

Share this Article
CATEGORIES