«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Չելսի – Կալաթասարայ Եւ Ռէալ Մատրիտ – Շալքէ
«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր եւ վաղը տեղի կ՛ունենան երկուքական ճակատումներ:
Չելսի պիտի հիւրընկալէ Կալաթասարայը, իսկ Ռէալ Մատրիտ` Շալքէն, այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն ընթացքին:
Ռէալ Մատրիտ շատ աւելի հանգիստ մրցում մը ունի կատարելիք, քան Չելսին` նկատի ունենալով, որ երթին Գերմանիոյ մէջ արձանագրած է 6-1 արդիւնքով յաղթանակ մը, մինչ Չելսի երթին Թուրքիոյ մէջ արձանագրած է 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը:
Վերոնշեալ չորս խումբերն ալ թէեւ կախակայուած մարզիկներ չունին, սակայն եթէ անոնց մարզիկներէն ոմանք այսօր եւ վաղը դեղին քարտ ստանան, մէկ մրցումով պիտի կախակայուին:
Ստորեւ կու տանք այսօր եւ վաղը տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը (փակագիծերուն մէջ նշուած են երթի մրցումներուն արդիւնքները. բոլոր մրցումներն ալ պիտի սկսին ժամը 21:45-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով).
ԱՅՍՕՐ
Չելսի – Կալաթասարայ (1-1)
Ռէալ Մատրիտ – Շալքէ (6-1)
ՎԱՂԸ
Պորուսիա Տորթմունտ – Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկ (4-2)
Մանչեսթըր Եունայթըտ – Օլիմփիաքոս (0-2)

