50 Տարի Առաջ (19 Մարտ 1964)

Հայաստան

Բացօթեայ Թանգարան

Հայ ժողովուրդի կազմութեան առաջին օրերէն անցած է աւելի քան երեք հազար տարի եւ անոր պատմութեան ամէնէն յատկանշական երեւոյթը, իմ կարծիքովս, անոր մշակութային ստեղծագործութիւնն է: Արդարեւ, հայ մշակոյթը առաջին օրէն իսկ սերտ կապ ունեցած է հին արեւելեան, հելլենական կամ յունահռոմէական, բիւզանդական, արաբական, իրանական եւ եւրոպական քաղաքակրթութիւններուն հետ, շատ բան առնելով անոնցմէ, բայց միեւնոյն ատեն` շատ բան տալով մարդկային մշակոյթի գանձարանին:

Այս խօսքերը կը պատկանին հնագէտ փրոֆ. Բաբգէն Առաքելեանին` Հայաստանի Գիտութիւններու ակադեմիայի հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ճիւղի տնօրէնը:

Խօսելով հնագիտական աշխատանքներու մասին` փրոֆեսէօրը կ՛աւելցնէ, որ շատ բան կերտած է հայը` իր երկիրը դարձնելով բացօթեայ թանգարան մը: Արմաւիր, Արտաշատ, հին Վաղարշապատ, Դուին, Երեւան, Գառնի, Զուարթնոց գրեթէ կը գտնուին կողք կողքի: Զարմանալի է, քիչ երկիրներ կան, ուր այսքան քիչ եւ փոքր տարածութեան վրայ կը հանդիպինք այսքան հին քաղաքներու եւ յուշարձաններու: Հայաստան իր հողին տակ կը պահէ անցեալի պատմութեան վերաբերեալ այնպիսի կոթողներ, որոնք մեծ արժէք կը ներկայացնեն մարդկութեան տիեզերական պատմութեան համար:

Հայաստան բացօթեայ թանգարան մըն է, մէկը` այն եզակի թանգարաններէն, ուր կարելի է տեսնել մարդկութեան արշալոյսէն մինչեւ մեր օրերը երկարող բոլոր դարաշրջաններուն նիւթական մշակոյթի ամէն տեսակ արժէքաւոր նմուշներ:

Այս խօսքերուն հեղինակը մէկն է Հայաստանի այն հնագէտներէն, որոնք մեծ վաստակ ունին այդ թանգարանին կարեւոր բաժինները ներկայ եւ ապագայ սերունդներուն ներկայացնելու գործին մէջ:

Իբրեւ գիտնական` Բ. Առաքելեան դաստիարակուած է Երեւանի հայագիտական միջավայրին մէջ, երբ դեռ կենդանի էին աւագ սերունդի մեր ականաւոր հայագէտները: Ուղղակի կամ անուղղակի աշակերտած է` Հ. Աճառեանին, Յ. Մանանդեանին, Մ. Աբեղեանին, Յ. Օրբէլիին, Գր.  Ղափանցեանին եւ քանի մը ուրիշներու:

Փրոֆեսէօրին գիտական հետաքրքրութիւններուն բնագաւառը կը հանդիսանայ հին եւ միջնադարեան Հայաստանի պատմութիւնը: Հայագիտութեան մէջ արժէքաւոր նպաստ մըն է անոր «Հայկական պատկերաքանդակները Դ. – Է. դարերում» գործը:

1949-ին իր ղեկավարութեամբ սկսան Գառնիի պեղումները, որուն շնորհիւ փաստօրէն հիմը դրուեցաւ Հայաստանի հելլենական շրջանի հնագիտական ուսումնասիրութեան գործին: Այդ պեղումներուն շնորհիւ յայտնի դարձաւ ամրոցին պաշտպանողական դրութիւնը, յայտնաբերուեցան արքայական ամառնային պալատական շէնքերուն աւերակները, որոնց շարքին` խճանկար յատակ ունեցող բաղնիքը: Ամրոցին եւ անկէ դուրս գտնուող դամբարաններուն մէջ յայտնաբերուեցան առաջին դարերու արժէքաւոր յուշարձաններ` բարձրարուեստ ապակեղէն, խեցեղէն, մետաղէ իրեր, զարդեր եւ այլն: Իսկ բոլորովին վերջերս գտնուեցաւ մարմարէ արձան մը, որ իր տեսակին մէջ առաջինն է:

Անցեալ տարի Գառնիի մէջ գտնուեցաւ նաեւ վիշապաքար մը, որուն վրայ կայ Ուրարտայի Արգիշտի թագաւորին (եօթներորդ դարու առաջին կէսը, Ք. Ա.) արձանագրութիւնը ու այս ձեւով կը լուծուէր վիշապաքարերու ստեղծման մասին եղած վէճը: Վիշապաքարերը նախաուրարտական են, թերեւս ալ աւելի հին:

Հայաստանի ընկերային յարաբերութիւններու պատմութեան ուսումնասիրութեան գիծով Բ. Առաքելեանի բազմամեայ աշխատանքին արդիւնքները ամփոփուեցան անոր «Քաղաքները եւ արհեստները Հայաստանում Թ.-ԺԳ. դարերում» ընդարձակ աշխատութեան մէջ, որուն առաջին հատորը լոյս տեսած է 1958-ին, իսկ երկրորդը լոյս կը տեսնէ մօտերս:

Այս աշխատութեան մէջ հմուտ բնագէտը եւ պատմաբանը կը ներկայացնէ զարգացած աւատապետութեան շրջանի հայկական քաղաքներու ներքին կեանքը, ընկերային յարաբերութիւնները, արհեստները եւ այլ կարեւոր հարցեր: Հայոց պատմութեան ընձեռած նիւթերուն հիման վրայ հեղինակը կը լուսաբանէ միջնադարեան քաղաքին պատկերը, որ ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքի պատմութեան կարեւոր խնդիրներէն մէկն է:

Փրոֆեսէօրին գլխաւորութեամբ անցեալ տարի սկսան եւ այսուհետեւ պիտի շարունակուին Արմաւիրի պեղումները: Ասոնց շնորհիւ աւելի պարզ պիտի դառնայ Ուրարտուի անկումէն ետք հայ պետականութեան ստեղծման եւ վաղ հայկական մշակոյթի կազմաւորման ժամանակաշրջանին (Զ.-Ա. դար Ք. Ա.) պատկերը: Դժբախտաբար ցարդ լաւ չէ ուսումնասիրուած այս ժամանակաշրջանի պատմութիւնը:

Հ. Խ.

«Երեւան» 21/2

Share this Article
CATEGORIES