«Ազդակ»` Ութսունեօթը Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Պիքֆայայի Նահատակաց Յուշարձանին Բացման Փառաշուք Հանդիսութիւնը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

DSC09215Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Պիքֆայայի դպրեվանք-հովոցի շուքին, Խորէն Ա. վեհափառին նախաձեռնութեամբ, Մեծ Եղեռնի նահատակներու յիշատակին նուիրուած յուշարձան կառուցուեցաւ ձեռամբ ծանօթ քանդակագործ Զաւէն Խտըշեանի: Յուշարձանը նուիրուած էր Հայոց ցեղասպանութեան յիսնամեակին եւ անոր պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ 24 ապրիլ 1970-ին:

Յիսուն տարի շարունակ Ապրիլ 24-ը հայ  ժողովուրդին համար սգատօն եղած էր, բայց այնուհետեւ վերածուեցաւ պահանջատիրութեան, եւ Հայ դատին հետապնդումը լայն թափ ստացաւ:

Պիքֆայայի նահատակաց յուշարձանի կառուցման եւ անոր բացման փառաշուք հանդիսութեան, ինչպէս նաեւ Մեծ Եղեռնի նահատակներու ոգեկոչման ու հայկական պահանջատիրութեան ընթացքին օրին լայնօրէն անդրադարձած է «Ազդակ»: 23 ապրիլ 1970-ին, «Միաձոյլ ուժը» խորագիրով խմբագրականը լաւագոյնս կը բնորոշէ Ապրիլ 24-ը սգատօնէն պահանջատիրութեան երթի վերածելու հայ ժողովուրդին կամքը:

«Յիսուն տարի սգահանդէս, յուշահանդէս, «Յարգանք քեզ, նահատակ ժողովուրդ» տօնելէ, դիտելէ ու եղերերգելէ ետք, Մեծ Եղեռնը սկսաւ տարբեր անդրադարձ մը ունենալ հայ մարդուն վրայ: Նահատակներուն հանդէպ խոր, լուռ, երկիւղած յարգանքը կայ միշտ, բայց յարգանքէն ետք երկարաձգուողը եղերական նախկին զգայնութիւնը չէ, նոր մտայնութեան ծնունդ խոհն է, որ վստահութեամբ լեցուցած է նոր սերունդներուն սիրտը եւ ուժ կը ներշնչէ բոլորին:

Նոր սերունդները հիներուն վէրքին անմիջական կոտտանքը չեն ապրիր եւ յետոյ նոր պայմանները աւելի ձեռնտու են ցեղասպան պետութիւններուն դէմ պայքար մղելու եւ պայքարին զօրաւոր յոյսեր կապելու համար: Տարբեր էին համաշխարհային առաջին մեծ պատերազմին յաջորդող տարիներուն պայմանները եւ տարբեր եղան երկրորդ մեծ պատերազմին յաջորդող տասնամեակները: Առաջինէն մինչեւ երկրորդը բաւական արիւն հոսեցաւ կամուրջին տակէն ու արիւնոտ փորձառութիւնները բաւականաչափ զգաստացուցին մարդկութիւնը: Ատեաններ կազմուեցան անմիջապէս, մարդկային իրաւանց յանձնաժողովներ առաջացան եւ մշակուեցաւ ու հռչակուեցաւ օրէնքներուն մեծագոյնը, սրբազնագոյնը, տիեզերականը, այն` որ ցեղասպանութեան հատուցումը կը հռչակէր անժամանցելի:

Մեր յուսաբեկ ժողովուրդին համար ամէնէն յուսատու օրէնքը եղաւ ատիկա եւ նոր սերունդները կառչեցան անոր ոգիին, սկսան աշխատիլ անոր լոյսին տակ, ձգտելով դուրս բերել հայկական հարցը հայկական սահմանափակ շրջանակներէն եւ ի նպաստ անոր պատրաստել միջազգային մարմիններու ուշադրութիւնը:

Պատեհ առիթ է ընդգծելու ամէնուն ծանօթ ու ամէնքէն ընդունուած ճշմարտութիւն մը, այն` որ սգաւոր ազգ չենք հիմա: Սուգը, անհատներու թէ ժողովուրդներու կեանքին մէջ, հարուածի մը անմիջական հետեւանքն է, որ ընդարմացում մը կը պատճառէ երբեմն, կը պատճառէ հաւասարակշռութեան ժամանակաւոր խախտում մը, բայց անբնականոն այդ վիճակը երկար չի տեւեր ի բնութենէ լաւատես մարդուն մէջ, որ փոթորիկէն յետոյ վեր կը կանգնի անմիջապէս ու կը փարի առողջ կտակներու, լծուելով ինքզինք կամ իր իրաւունքները արժեցնելու բուռն աշխատանքի մը: Կեանքի այս օրէնքը լաւ կը ճանչնանք մենք, վերիվայրումներու այդ օրինակներուն հանդիպած ենք միշտ, մեր պատմութեան ամբողջ երկայնքին, զարկած են մեզ շատ, բուժուած ենք շուտ, բուժուեցանք եւ վերջին աղէտին հետեւանքներէն եւ հիմա առողջ ազգի մը խոհականութեամբ, հաւասարակշռութեամբ լծուած ենք մեր իրաւունքները արժեցնելու միտող պայքարին, ո՛չ, սգաւոր ազգ չենք:

Ու նաեւ գաղթական չենք: Գաղթականը աւուր հացի կարօտ անձն է, առօրեայ հոգերու բեռան տակ մարդկային ու պատմական իր իրաւունքները հարկադրաբար մոռնալու դատապարտուած խլեակը, որ մենք էինք տարագրութեան առաջին տարիներուն: Հայ մարդու նոր տիպարին հետ անյարիր է գաղթական հասկացողութիւնը: Տարբեր հայրենիքներու մէջ հաւասարազօր քաղաքացին է ներկայիս հայը, հպարտ` իր ծագումով, ազատ` իր մտածումը ըսելու, տէր` իր դատին:

Այս վերափոխումը արժէք է ինքնին ու մեծապէս ներշնչող:

Գիտակցական այս զարթօնքին մէջ,  երջանկութի՛ւն է ըսել, որ սփիւռքը բոլորովին առանձին չէ: Ունի հայրենի մեր ժողովուրդին համամտութիւնը, համակրանքը: Եղեռնի յիսնամեակին տասնեակ հազարաւոր սեւազգեստ կին ու աղջիկներու բոկոտն տողանցքը Երեւանի պողոտաներուն վրայ սրտայոյզ յարգանք, շարժուն պատարագ էր մեռելներու յիշատակին, ու ընդհանրական այդ ծէսէն ետք «Մեր հողերը, մեր հողերը» կարգախօսին տակ երիտասարդութեան արձակած աղաղակը արդէն կը մատնէր քաղաքական դատի մը յանձնառութիւնը, ներդաշնակելով իր տրամադրութիւնները մեր ճիգերուն:

Պարտուողական հոգեբանութիւնը համարեա՛ չքացած է ու ամբողջ հայ ժողովուրդը, Արագածի ստորոտէն մինչեւ աշխարհի անյայտ անկիւնը իր իրաւունքին տէր կը յայտարարէ ինքզինք եւ յոյսով կը մասնակցի ընդհանուր պայքարին:

Պարտուողական հոգեբանութիւնը թօթափելու ճշմարտութիւնը նոր որակ է մեր ժողովուրդին համար եւ այդ նոր որակին ու գործունէութեան նոր փուլին ի տես էր, որ թուրքը սկսաւ անհանգստութեան նշաններ ցոյց տալ: Զգաց, որ ջարդով ու աքսորներով հայկական հարցը լուծած-վերջացուցած ըլլալու յաւակնութիւնները իրականութեան չեն համապատասխաներ, ընդհակառակն, ջարդն ու աքսորը բոլորովին չնախատեսուած ուժ մը ցցած է իրեն դէմ, հայ նոր սերունդները, որոնք ցանցառ չեն, կան բոլոր երկինքներուն տակ, Պէյրութէն մինչեւ Պուէնոս Այրէս, Նիւ Եորքէն մինչեւ Փարիզ, ամէնուր, ամէնո՛ւր կ՛աշխատին հայկական ու մարդկային իրենց իրաւունքներուն հաշուոյն, փաստեր կը յիշեն, փաստեր երեւան կը հանեն, իրենց արդարութիւնը հաստատող ամբողջական մանրամասնութիւններ ներկայացնելով համապատասխան մարմիններու, ժողովներու, պետութիւններու, յոյս ներշնչող պետական առանձին դէմքերու:

Եղեռնի յիսնամեակին սկսած ու շարունակուող այս գործունէութիւնը, պատրաստուած, տեղ հասած յուշագիրները, դիմումները, խաղաղ ցոյցերն ու մեր դատին ի նպաստ օտար դէմքերուն շահուած տրամադրութիւնները ստեղծեցին այնպիսի կացութիւն մը, որ, կրկնե՛նք, թուրքը ստիպուեցաւ հաշուի առնել իր բռնագրաւումները իրեն ու աշխարհին յիշեցնող մակընթաց ուժը եւ երեւոյթը նիւթ դարձուց նոյնիսկ իր Ազգային Ժողովին մէջ:

Երբ իրաւազրկողը անհանգստութեան նշաններ ցոյց կու տայ, այդ կը նշանակէ պարզապէս, որ իրաւատէրը զգաստացնող ուժ է այլեւս:

Եւ մենք ուժ ենք հիմա, ոգեկան թէ քաղաքական ուժ, մեր հունէն դուրս ելած եւ աշխարհի չորս ծագերուն ծաւալած իրաւախնդիր գիտակցութիւն, որ աճեցաւ, սնուցանելով ու միաձուլելով երիտասարդութիւնը, ողջ ազգը, անակնկալի բերելով նոյն ատեն ջարդարարներու առաջին ցեղը:

Միաձոյլ այս ուժը չի կրնար ապարդիւն անցնիլ»:

***

DSC092191970-ի Ապրիլ 24-ը անմոռանալի մնաց լիբանանահայութեան համար, ինչպէս եղաւ Մեծ Եղեռնի յիսնամեակը, իր փառաշուք հանդիսութեամբ:

Արդարեւ, 24 ապրիլ 1970-ին, Պիքֆայայի մէջ, համազգային շուքով եւ համահայկական մասնակցութեամբ, կատարուեցաւ պաշտօնական բացումը ապրիլեան նահատակներու Յիսնամեակի յուշարձանին, բարձր հովանաւորութեամբ հանրապետութեան նախագահ Շարլ Հելուի եւ նախագահութեամբ երեք յարանուանութեանց հոգեւոր պետերուն:

Առաւօտեան ժամը 8:00-էն սկսեալ, ժողովուրդը ինքնաշարժներու անվերջանալի շարքերով բարձրացաւ Պիքֆայայի հայոց վանքը` ներկայ գտնուելու այս բազմախորհուրդ արարողութեան:

Նախքան Պիքֆայայի հանդիսութիւնը, խուռներամ բազմութիւն մը փութացած էր Անթիլիաս, ուր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, հանդիսաւորապէս պատարագեց Լիբանանի հայոց առաջնորդ Տաճատ արք. Ուրֆալեան:

Յաւարտ Ս. պատարագի, վեհափառ կաթողիկոսի նախագահութեամբ, Նահատակաց յուշարձանին առջեւ, յուզիչ արարողութեամբ տեղի ունեցաւ պաշտօնական հոգեհանգիստ:

Այնուհետեւ, ժողովուրդը, Անթիլիասէն միացաւ Պիքֆայա բարձրացողներու երկար շարքին, աննկարագրելի տեսարան մը պարզելով ճամբու ամբողջ երկայնքին:

Եկաւ ատեն մը, երբ, Պիքֆայա չհասած, բաւական հեռուն, ինքնաշարժները կանգ առին այլեւս, ու ժողովուրդը, ուխտաւորներու թափօր կազմած, մեծ թէ պզտիկ, երիտասարդ թէ պատանի, քալեց դէպի վանք, բարձունք տանող արահետներով:

Ժամը 11:00-ին, քսան հազարէ աւելի բազմութիւն մը լեցուցած էր վանքին բակը, տանիքը, բարձունքները, ամէն տեղ, երփներանգ գեղեցկութիւն մը տալով բնութեան դալարին:

DSC09216Յուշարձանին ստորոտէն մինչեւ վանքին մուտքը, պատուոյ շարքեր կազմած էին ՀՄԸՄ-ի, ՀՄՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի սկաուտներն ու արենուշները, Լիբանանահայ Օգնութեան խաչի արծուիկները, դպրոցական բարձրագոյն կարգերու աշակերտներ եւ երիտասարդական կազմակերպութիւններու անդամներ:

Շարժանկարիչներու եւ լուսանկարիչներու բանակ մը անընդհատ կը գործէր յուշարձանին առջեւ, ուր աչքի կը զարնէին յատկապէս տեղական մամուլին, լիբանանեան պատկերասփիւռի, լիբանանեան Աքթիւալիթէի եւ ամերիկեան Էն.Պի.Սի.ի աշխատակիցները:

Ժամը 11:30-ին, հասան հոգեւոր պետերը` Խորէն Ա. կաթողիկոս, Մեսրոպ եպս. Թերզեան, որ կը ներկայացնէր Իգնատիոս-Պետրոս ԺԶ. Պաթանեան պատրիարքը, եւ վերապատուելի Յովհաննէս Ահարոնեան, ընկերակցութեամբ Լիբանանի հայոց առաջնորդին, երեսփոխաններ Մովսէս Տէր Գալուստեանի եւ Սուրէն Խանամիրեանի:

Շատ չանցած, ժամանեց նաեւ զբօսաշրջութեան նախարար Խաչիկ Պապիկեան, որ կը ներկայացնէր հանրապետութեան նախագահը: Պապիկեան ընդունուեցաւ զինուորական պատիւներով: ՀՄԸՄ-ի նուագախումբը հնչեցուց լիբանանեան քայլերգը՝ խանդավառ ծափեր խլելով:

DSC09217Հանդիսութիւնը սկսաւ հոգեհանգստեան արարողութեամբ: Դպրեվանքի սաները երգեցին շարական եւ Ի վերին Երուսաղէմ: Յուզիչ էր պահը: Շատեր, յատկապէս տարեցներ, արցունքոտ աչքերով կ՛ընկերակցէին երգեցողութեան:

Վեհափառ հօր հոգւոց աղօթքէն ետք, բացման խօսքը կարդաց Ապրիլեան յիսնամեակի յուշարձանի յանձնախումբին կողմէ` Պօղոս Տուզճեան:

Յաջորդաբար խօսք առին վերապատուելի Յովհաննէս Ահարոնեան, Մեսրոպ եպս. Թերզեան եւ Խորէն Ա. կաթողիկոս:

Վերջին խօսողը եղաւ Խաչիկ Պապիկեան, որ յանուն հանրապետութեան նախագահին, նախ արաբերէնով, ապա` հայերէնով խօսեցաւ տպաւորիչ ճառ մը:

Իր ճառէն ետք, Խաչիկ Պապիկեան հրաւիրուեցաւ կատարելու յուշարձանին բացումը: Ծափահարութիւններու տարափին տակ, նախարարը վերցուց կոթողին արձանագրութիւնը ծածկող քողը ու կարելի եղաւ կարդալ յուշատախտակին բովանդակութիւնը:

«Կառուցաւ յուշարձանս յիսնամեակի Ապրիլեան Եղեռնի, միասնական գործակցութեամբ համայն հայ ժողովրդեանն Լիբանանու, ի պանծացումն վերածննդեան ազգիս Հայոց եւ յերախտագիտութիւն երկրիս մերոյ Լիբանանու, 24 ապրիլ 1970»:

Ապա, դպրեվանքի սաները երգեցին «Երբ որ բացուին դռներն յուսոյ» երգը, որուն ձայնակցեցան շատեր:

Բացման հանդիսութիւնը վերջ գտաւ նահատակներու հոգւոյն խաղաղութեան համար, համայն ժողովուրդին կողմէ երգուած «Հայր Մեր»-ով:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )