ՎԵՀ ԱՅՍ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻՆ ԱՒԱՐՏԻՆ ՊԻՏԻ ԼՔԷ ՀԱՄՊՈՒՐԿԸ

Արմին Վեհ

Համպուրկի պատասխանատուները յայտարարեցին, որ ակումբի մարզիչ Արմին Վեհ այս տարեշրջանի աւարտին պիտի լքէ իր կազմը, հակառակ անոր որ ան նախապէս մտադիր էր իր պայմանագրութիւնը յաւելեալ մէկ տարիով երկարաձգել:

Պունտըսլիկայի ընդհանուր դասաւորման մէջ այժմ Համպուրկ կը գրաւէ 7-րդ դիրքը` 5 կէտով եւ երկու դիրքով ետ մնալով Պայէրն Միւնիխէն:

Համպուրկի գրաւած այժմու դիրքը կը նշանակէ, որ անիկա յառաջիկայ տարեշրջանին եւրոպական մրցաշարքերէն դուրս պիտի մնայ:

Զարմանալիօրէն, Համպուրկ իւրաքանչիւր տարեշրջան շատ լաւ ձեւով կը սկսի: Սակայն անակնկալօրէն անիկա նահանջելով տարեշրջանին աւարտին կը տեսնուի միջին դիրքերուն վրայ:

Share this Article
CATEGORIES