ՖՈՐՄԻՒԼԱ-1. ՊԱՀՐԷՅՆԻ ԿՐԱՆ ՓՐԻԻՆ ՃԱԿԱՏԱԳԻՐԸ ՊԻՏԻ ՎՃՌՈՒԻ ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ 1 ՄԱՅԻՍԻՆ

Ֆորմիւլա-1-ի միջազգային ֆետերասիոնին (ՖԻԱ) կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ յառաջիկայ 1 մայիսին պիտի վճռուի, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ Պահրէյնի կրան փրիին ճակատագիրը:

Սկզբունքով, այս կրան փրին պիտի ըլլար 2011 տարեշրջանի բացման կրան փրին (այս շաբաթավերջին): Սակայն երկրին մէջ տիրող քաղաքական անկայունութեան պատճառով անոր կայացումը առկախուեցաւ:

ՖԻԱ յատուկ նամակով մը Պահրէյնի կրան փրիին կազմակերպիչներուն հարց տուաւ, թէ արդեօք անոնք կը փափաքի՞ն այս կրան փրին այս տարեվերջին կատարել:

Նշենք, որ 2011 տարեշրջանի ազդանշանը այժմ պիտի տրուի յառաջիկայ 27 մարտին` Աւստրալիոյ կրան փրիով:

Share this Article
CATEGORIES