Իրաքէն Առաքելութիւն. Ֆայեզին Ցաւը Եւ Կոչումը

ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

IMG_0211Մեր իրականութեան մէջ կան տարբեր «պարունակով» հայեր: Եթէ մէկ կողմէ կան իսլամացած(ուած) հայեր, կան նաեւ քրտացածներն ու, տակաւին, արաբացածները: Եթէ տակաւին չհաշուենք այն բազմահազար (եւ թերեւս աւելի՞) հայերը, որոնք ժամանակի ընթացքին եւ տարբեր հանգրուաններէ անցնելով` ձուլուած են հոս ու հոն` տարբեր երկիրներու ու գաղութներու մէջ: Հոն միայն պատմութեան արխիւները բանալով է, որ կը գտնես անոնց արմատները, թէ` անոնք ժառանգորդներն են ազգային ու հին աւանդ ունեցող ժողովուրդի մը:

Այս երեւոյթները մեր պատմութեան անցած «սեւ» փորձառութիւններուն հետեւանքներն են` հայութեան եւ հայրենիքի վրայ կատարուած յարձակումներ, տեղահանութիւններ, իսկ ամէնէն ահաւորը` ցեղասպանութիւն, հայրենի հողէն արմատախիլ ըլլալ, կորսնցնել Արեւմտահայաստանն ու Կիլիկիան: Ցրուեցանք քիչ մը ամէն տեղ, թէեւ կրկին կազմաւորուեցանք եւ կազմակերպեցինք մեր սփիւռքեան կեանքը, բայց մնաց ու տակաւին դամոկլեան սուրի նման մեր վերեւ կախուած կը մնայ ձուլումի ու այլասերումի երեւոյթն ու վտանգը, իսկ ասոնց իբրեւ հետեւանք` լեզուն եւ արմատներուն կառչածութիւնը կորսնցնելու իրավիճակը:

Ֆայեզ Ժըրժեսը ծնած է Պաղտատ, 1966-ին: Մօրը` Էւլինի ընտանիքը եղած է հայ, որ Մարտինէն տեղահանուած է Ցեղասպանութենէն ետք եւ հաստատուած` Պաղտատ, Իրաք: Կարելիութեան սահմաններուն մէջ Էւլին փորձած է հայ մեծնալ, բայց իրեն վիճակուած է ամուսնանալ տեղացիի մը հետ եւ կազմել բազմանդամ ընտանիք մը` հինգ զաւակներէ բաղկացած: Ֆայեզ միակ մանչ զաւակն է` չորս քոյրերու կողքին:

Ֆայեզ չէ ճանչցած իր հայրը: Երեք ամսուան էր, երբ իրաքցի հայրը կորսնցուցած է եւ ճաշակած է որբ մեծնալու դառն իրականութիւնը: Բայց ասիկա թափ տուած է մօրը, որպէսզի Ֆայեզին դաստիարակութեան մէջ աւելի արմատանայ հայկական ինքնութիւնը: Այսպիսով կը սկսի Ֆայեզի հայկական ինքնութեան ճանաչման եւ կազմաւորման գործընթացը:

1970-ական թուականներուն փոքր պատանի Ֆայեզ կը հասնի Այնճար` Լիբանան եւ կ՛ընդունուի հայ կաթողիկէ վարժարան` իբրեւ գիշերօթիկի սան: «Այնճարը եղաւ իմ հայկական ինքնութեանս կերտումին կարեւոր շրջանը: Հոն է, որ սրտիս ու հոգիիս մէջ լեցուեցաւ հայուն հպարտութիւնը», կ՛ըսէ Ֆայեզ: Իսկ հպարտութի՞ւնը… Ֆայեզի անգիր ըրած առաջին փոքր բանաստեղծութենէն փոխանցուած է. «Հայ եմ ես, հայ եմ ես, քաջ Վարդանին թոռն եմ ես»: «Վարդանի թոռը» ըլլալու գիտակցութեամբ եւ հայերէն տառերն ու լեզուն սորվելու իրողութեամբ, գէթ սկզբնական շրջանին, Այնճարը կարեւոր դեր կ՛ունենայ Ֆայեզի կեանքին մէջ:

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին (1975-1976) Ֆայեզ ստիպուած կ՛ըլլայ վերադառնալ Պաղտատ: Իրաքի մէջ փորձառութիւնը կ՛ըլլայ «խառն»: Կ՛անջատուի հայութենէն, սակայն ատիկա «դիտումնաւոր չէր», կը շեշտէ Ֆայեզ: «Կեանքի պայմանները շատ դիւրին չէին, Իրաքի մէջ որպէս հայկական գաղութ` շատ մեծ կարելիութիւններ չունինք», կը շարունակէ ան: Ֆայեզ այսօր տակաւին կրնայ հայերէն կարդալ, բայց բառամթերքը եւ անոնց նշանակութիւնը բաւական մոռցած է:

1995-ին Ֆայեզ կ՛ամուսնանայ Նաուալին հետ, կը կազմեն ընտանեկան բոյն մը: Նաուալը հայկական Թիւֆենքճեան ընտանիքէն է, անոր ծնողները Ցեղասպանութենէն ետք հաստատուած են Իրաքի հարաւային շրջաններ: Նաուալ եւ իր ընտանիքը մաս կը կազմեն արաբացած հայերու խմբակին:

Ֆայեզի, նաեւ` Նաուալի, ցաւը կը սկսի, երբ կ՛ունենան իրենց անդրանիկ մանչ զաւակը: Ան կը ծնի անկար ու հիւանդ: Ֆայեզ, որ արդէն ճաշակած էր որբութեան եւ առանց հօր գուրգուրանքի կեանքը, կը տագնապի իր զաւակին հիւանդագին վիճակին ի տես: Իր զաւակին առողջական այդ տագնապալի վիճակին հետ կը սկսի մեծնալ նաեւ Ֆայեզի ցաւը:

Սակայն Ֆայեզի ցաւը զինք չ՛առաջնորդեր յուսահատութեան եւ յուսալքումի…: Ան սորված էր, որ «Վարդանի թոռ»-ն էր, եւ թէ ինք «քաջ» հայն էր: Ու տակաւին. «Մայրս մեզի պատմած էր տեղահանութեան ընթացքին իր ծնողաց կրած զրկանքներուն մասին», կ՛ըսէ Ֆայեզ: Ուստի կարելի չէր, որ «ես յուսահատէի, երբ իմ մեծ ծնողքս կրցան ապրիլ այդ բոլոր կոտորածներէն ետք»:

Ֆայեզ կը գիտակցի, թէ իր ցաւի կեանքը պէտք էր վերածել նուիրականութեան, ծառայութեան` հաւաքական աշխատանքի համար: Այս իմաստով ան կը սկսի անդրադառնալ «կոչումի» մը, որ իր կեանքը պիտի դարձնէր նշանակալից եւ արժէքի գիտակցութեամբ լի:

Ֆայեզ իր կոչումի վերածուած կեանքը կը դնէ ի սպաս եկեղեցական ու քրիստոնէական-հոգեւոր ծառայութեան: Ան աստուածաբանական ուսում կը ստանայ եւ քառասուն տարեկանին կը ձեռնադրուի կղերական` ծառայելու համար Պաղտատի մէջ գտնուող Անկլիքան եկեղեցւոյ: Ան մինչեւ օրս իր ծառայութիւնը կը շարունակէ, նոյնիսկ երբ կեանքը դժուար է Իրաքի մէջ, եւ ամէն օր մահուան վտանգին ու սպառնալիքներուն մէջ է` ներառեալ որպէս քրիստոնեայ ներկայութիւն:

Ֆայեզ լծուած է իրաքեան հայրենիքին ծառայութեան: Եկեղեցւոյ կողքին կը գործէ փոքրիկ հիւանդանոց մը, ուր բժշկական խնամք կը հայթայթէ անխտիր բոլոր ժողովուրդին: Եկեղեցին ունի մանկապարտէզ մը, որուն աշակերտները մեծաւ մասամբ տեղացիներ են, եւ ուր կը սորվին նաեւ Քրիստոսի սիրոյ մասին: Ֆայեզ կը ծրագրէ մանկապարտէզի բաժանմունքը վերածել նախակրթարանի: Ան լծուած է քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան, քանի որ կը հաւատայ կրօններու եւ ինքնութիւններու գոյակցութեան, եւ որ Իրաքի մէջ կայունութիւն կարելի է հաստատել երբ կայ համերաշխութիւն: Նաուալը կանոնաւոր կերպով կը կազմակերպէ տիկնանց հաւաք` շաբաթական դրութեամբ, ուր քրիստոնեայ եւ իսլամ աւելի քան երեք հարիւր կիներ կը հանդիպին եւ կը սորվին իրարու հետ ապրիլ եւ գոյակցիլ` քրիստոնէական սիրոյ հասկացութեան մէջ:

Բայց եթէ կայ Ֆայեզի կոչումին խանդավառութիւնը, նոյնքան առկայ է նաեւ մտահոգութիւնը: «Քրիստոնեայ ներկայութիւնը ալ աւելիով կը նուազի», կ՛ըսէ Ֆայեզ: «Չենք կրնար կասեցնել արտագաղթը»:

Իրաքի քաղաքական անապահով վիճակներուն մէջ` գրեթէ ամէնօրեայ դրութեամբ ականուած ինքնաշարժներու պայթումներ, որոնք մեծաթիւ զոհեր կը խլեն ու իսկական արհաւիրք կը ստեղծեն, «ի՞նչ կը զգաս երբ Իրաքի ներկայ այս վախ ու դողին մէջ կը շարունակես գործել», հարցուցի:

Ֆայեզի դէմքին վրայ ուրուագծուեցաւ փոքրիկ ժպիտ մը, որուն ետին կը տեսնէիր նոյնքան պատմութիւն եւ մտահոգութիւն: Կարելի եղաւ անոր դէմքին արտայայտութիւնը «ըմբոշխնել», որովհետեւ իբրեւ լիբանանցի կայ նաեւ իմ (մեր) լիբանանեան ապրած (տակաւին շարունակուող) կեանքի փորձառութիւնը` իր որոշակի նմանութիւններով:

«Երկիրը ամբողջ վնասի մէջ է», ըսաւ Ֆայեզ: «Եւ վնասին ո՛ր կողմն ալ որ դառնաս, շահ է: Ապահովութիւն չունինք եւ սորվեցանք մեր կեանքերուն խաղաղութիւն տալ` կեանքեր կերտելով անապահովութիւններուն մէջ»:

Իսկ խաղաղութեան կեանքե՞րը: Ֆայեզն է դարձեալ. «Մարդուն խաղաղութիւնը իր հոգիին մէջն է եւ Քրիստոսով է», եզրակացուց:

Ու Ֆայեզ մինչեւ այսօր կը շարունակէ իր առաքելութիւնը` խաղաղութեան կեանքեր կերտել ոչ խաղաղ եւ անապահով Իրաքի մէջ:

Եթէ Ֆայեզի հետ հանդիպումս եղաւ քաջալերական, բայց նաեւ` խոստմնալից: «Կարօտը ունիմ կրկին հայերէն լեզուին տիրապետելու», ըսաւ Ֆայեզ: «Վերստին պիտի սորվիմ ու յիշեմ: Հայկական ինքնութիւնը ինծի համար ԱՐԺԷՔ է»:

Ֆայեզ կը պատկանի փաղանգին այն նուիրեալներուն, որոնք իրենց ապրած (ու տակաւին ապրող) ցաւոտ կեանքերը վերածած են կոչումի: Եւ եթէ կոչումը մէկ կողմէ հաւաքական աշխատանքի ու ծառայութեան համար է, բայց նաեւ ազգային ինքնութեան եւ անոր արժէքին ինքնագիտակցութեան: Ինքնագիտակցութիւն մը, որ կոտորակուած ու խառնուած ըլլալով հանդերձ, անպայման դուրս կը ժայթքի որպէս ամուր եւ մղիչ ուժ: Ա՛յս ուժով է, որ ցաւոտ կեանքերը կը վերածուին կոչումի:

Հայուն պատմութեան փորձն ու փորձառութիւնն է ասիկա… ցաւոտ պատմութիւնը վերածել կոչումի` նուիրական կեանքի:

Այս կոչումին մէջ է հայուն պատմութեան եւ կեանքի շարունակականութեան գրաւականը:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )