Փելէ. «Առաջին Անգամ Ըլլալով Պրազիլի Պաշտպանողականը Զօրաւոր Է Յարձակողականէն»
Պրազիլցի ֆութպոլի անցեալի աստղ Փելէ իր ունեցած մէկ հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձած է իր երկրին ֆութպոլի ազգային խումբին` Պրազիլի մէջ տեղի ունենալիք 2014-ի Մոնտիալին նախաշեմին:
«Պրազիլի ֆութպոլի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով ունինք խումբ մը, որուն պաշտպանողական գիծը շատ աւելի զօրաւոր է յարձակողականէն: Մենք մի՛շտ ալ Մոնտիալներուն ունեցած ենք շատ զօրաւոր յառաջապահներ: Ներկայ դրութեամբ, որոշ խնդիրներ ունինք խումբին յարձակման գիծին ձեւաւորման գծով: Ճիշդ այս պատճառով ալ, մեզի համար այդքան կարեւոր է Նէյմարը, որ իր կարեւոր դերը ունի խումբին մէջ: Բայց միաժամանակ, մենք պատասխանատուութեան լուրջ բեռ պիտի ունենանք, որովհետեւ անիկա պիտի ըլլայ անոր առաջին Մոնտիալը», ըստ armsport.am-ի` ըսած է Փելէ:
CATEGORIES Մարզական

