Մանուչարեան Ճանչցուեցաւ Երկրորդը

Էտկար Մանուչարեան (աջին)

Էտկար Մանուչարեան (աջին)

ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Champinat.com կայքը ամփոփած է Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 21-րդ հանգրուանի լաւագոյն ֆութպոլիստը որոշելու հարցախոյզին արդիւնքները: Քուէարկութեան մասնակցած են կայքին ընթերցողներն ու մասնագէտները:

Լաւագոյն ֆութպոլիստը ճանչցուեցաւ Մոսկուայի Բանակայիններուն մաս կազմող պուլկարացի միջնապահ Կէորկի Միլանով, որ Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկի դէմ տեղի ունեցած մրցումին դարձաւ յաղթական կոլի հեղինակ:

Երկրորդն է Ուրալի ֆութպոլիստ Էտկար Մանուչարեան, որ Թերեքի դէմ տեղի ունեցած մրցումին տուպլէ մը իրագործեց (2-1):

Նշենք, որ այս հանգրուանի լաւագոյն ֆութպոլիստներուն ցանկին մէջ ընդգրկուած էր նաեւ Սպարտակի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Արազ Օզպիլիս:

Share this Article
CATEGORIES