Կոլանի Մէջ Իսրայէլեան Բանակի Ճիփ Մը Ականահարուեցաւ

Golan-18032014Երէկ Կոլանի բարձունքներու իսրայէլեան բռնագրաւումի ենթակայ բաժինին մէջ բանակի ճիփ մը ականահարուեցաւ: Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 10-րդ կայանը հաղորդեց, որ ականահարման անմիջական կասկածեալը Հըզպալլան է: «Հրեաներու ձայն» ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ իսրայէլացի երեք զինուորներ վիրաւորուած են: «Մայատին» աւելի ուշ հաղորդեց, որ վիրաւորուած զինուորներէն մէկը մահացած է:

«Մայատին» նախապէս հաղորդած էր, որ ականահարման վայրին մէջ փոխադարձ հրացանաձգութիւն տեղի ունեցած է:

Իսրայէլեան բանակի բանբեր Աւիխայ Ատրահի յայտարարեց, որ իսրայէլեան բանակը Կոլանի մէջ կատարուած ականահարման հակադարձած է սուրիական հողերուն ուղղութեամբ ռմբակոծում կատարելով: Ատրահի նաեւ նշեց, որ իսրայէլեան բանակը ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժերուն միջոցով սուրիական կառավարութեան բուռն ոճի պատգամներ փոխանցած է:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտնեց, որ «սուրիական սահմանը Հըզպալլայի եւ Ժիհատ Իսլամիի տարրերով կը լեցուի, եւ ատիկա մեզ նոր մարտահրաւէրներու առջեւ կը դնէ»:

Իսրայէլեան պետական գրաքննութիւնը հրապարակեց հրամանագիր մը, որուն միջոցով իսրայէլեան լրատուամիջոցներուն արգիլեց Կոլանի մէջ կատարուած ականահարման մասին մանրամասնութիւններ փոխանցել:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES