Խրիմը Ռուսիոյ Կցելու Համաձայնագիրը Ստորագրուեցաւ

Խրիմի միացման համաձայնութեան ստորագրութենէն ետք

Խրիմի միացման համաձայնութեան ստորագրութենէն ետք

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Խրիմի ու Սեւասթոփոլի ղեկավարները ստորագրեցին թերակղզին Ռուսիոյ դաշնութեան կցելու օրինագիծը: Փութին Ռուսիոյ խորհրդարանի երկու պալատներուն առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ Խրիմը «միշտ ալ Ռուսիոյ մաս կազմած է» եւ ինք «պատմական անարդարութիւն» մը սրբագրած է:

«Ժողովուրդի սրտին ու մտքին մէջ Խրիմը միշտ ալ եղած է եւ կը մնայ Ռուսիոյ անբաժան մէկ մասը», ըսաւ Փութին:

«Դաշնակցային խորհուրդին կը ներկայանամ Խրիմի եւ Սեւասթոփոլի` Ռուսիոյ միացումը վաւերացնելու դիմումով: Կասկած չկայ, որ այս դիմումին պիտի ընդառաջէք», նշեց ան:

Ռուսիոյ նախագահը յայտնեց, որ իր երկրի քաղաքացիներուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը կ՛աջակցի Խրիմի` Ռուսիոյ միացման, իսկ հարցախոյզները ցոյց տուած են, որ անոնց 95 առ հարիւրին կարծիքով, Ռուսիա պէտք է ռուս քաղաքացիները պաշտպանէ: «Խրիմի բնակիչները իրենց կամքը արտայայտեցին, եւ կ՛ուզեն Ռուսիոյ հետ ըլլալ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ կիրակի օր տեղի ունեցած հանրաքուէն օրինական էր, եւ անոր արդիւնքները` «աւելի քան համոզիչ»: «Խրիմը մեր պարծանքի կեդրոնն է եւ պէտք է ռուսական ուժեղ ու հաստատ գերիշխանութեան տակ ըլլայ», նշեց Փութին:

Ռուսիոյ նախագահը ըսաւ, որ «արեւմուտքցի գործընկերները Ուքրանիոյ մէջ կարմիր գիծը անցան»` աւելցնելով, որ «Արեւմուտքը անարդար կերպով կը վարուի` ժողովուրդներու ճակատագիրը կ՛որոշէ եւ Ապահովութեան խորհուրդին ճամբով բռնի որոշումներ կ՛որդեգրէ», «Ուաշինկթընի եւ Արեւմուտքի կեցուածքը երկակի չափանիշներու կիրարկում եւ յստակ նենգութիւն է»: Ան ըսաւ, որ ըստ Արեւմուտքին, Ռուսիոյ քայլերը միջազգային օրէնքի խախտում են. «լաւ է, որ այդպիսի բանի մը գոյութիւնը յիշեցին», հեգնեց Փութին:

Ան ըսաւ, որ այն, ինչ որ Խրիմի մէջ տեղի կ՛ունենայ, աշխարհի մէջ տեղի ունեցողին մէկ մասն է: «Արաբական գարուն»-ը արաբական ձմերուան վերածուեցաւ եւ այդ դիպաշարը 2004-ին Ուքրանիոյ մէջ կիրարկուեցաւ:

Փութին խօսքը ամերիկացի ժողովուրդին ուղղելով ըսաւ. «Խրիմի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը նոյնն է անոր, որով կը պարծենաք»: Իսկ Գերմանիոյ ժողովուրդին համար ըսաւ, որ վերամիացած Գերմանիոյ ժողովուրդը պիտի աջակցի իր հողերու վերամիացման ձգտող Ռուսիոյ պատմական ջանքին:

Ռուսիոյ նախագահը ըսաւ, որ «անշուշտ արտաքին ճակատում պիտի դիմագրաւենք»` աւելցնելով. «Պէտք է մեզի համար որոշենք, մեր ազգային շահերը պիտի պաշտպանե՞նք, թէ՞ յաւերժ անոնցմէ հրաժարիլը շարունակենք»:

Իր խօսքի աւարտին Փութին, Խրիմի վարչապետ Սերկէյ Աքսիոնով, Խրիմի խորհրդարանի նախագահ Վլատիմիր Քոնսթանթինով եւ Սեւասթոփոլի քաղաքապետ Ալեքսէյ Չալիյի ստորագրեցին համաձայնութիւն մը, ըստ որուն, Խրիմը Ռուսիոյ մէկ մասը կը դառնայ:

Համաձայնագիրը ներկայիս պէտք է արժանանայ Սահմանադրական խորհուրդի հաւանութեան եւ վաւերացուի խորհրդարանին կողմէ:

Աւելի ուշ, Փութին Մոսկուայի Կարմիր հրապարակին վրայ հաւաքուած ամբոխի մը առջեւ յայտարարեց. «Խրիմը եւ Սեւասթոփոլը կը վերադառնան… իրենց տուն-ափը, իրենց տուն-նաւահանգիստը` Ռուսիա»: «Փա՜ռք Ռուսիոյ», բացագանչեց ան, իսկ ամբոխը պատասխանեց. «Փութի՜ն»:

Քիեւ յայտարարեց, որ համաձայնագիրը երբեք պիտի չընդունի, իսկ Միացեալ Նահանգներ Եօթներու խմբակը յառաջիկայ շաբաթ Լա Հէյի մէջ արտակարգ ժողովի մը հրաւիրեց:

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճօ Պայտըն յայտարարեց, որ իր երկիրը յառաջիկայ շաբաթներուն Ռուսիոյ դէմ յաւելեալ պատժամիջոցներ պիտի որդեգրէ:

Ուքրանիոյ վարչապետ Արսէնի Եացենիուք յայտարարեց, որ Խրիմի մէջ տագնապը մուտք գործած է զինուորական հանգրուան:

Երէկ գիշեր Ուքրանիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ ռուս զինուորներ Խրիմի մայրաքաղաք Սիմֆերոփոլի մէջ յարձակում գործած են ուքրանական բանակի մէկ զօրակայանին դէմ: Ուքրանացի սպայ մը սպաննուած է:

 

Share this Article
CATEGORIES