Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան կոչ ուղղեց բոլոր իսլամներուն` յանձնառու մնալու չափաւորականութեան եւ հեռանալու ծայրայեղութիւններէն:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ՆԱԽԱՆՑԵԱԼ օր Լապուէն եւ Նապի Օսմանը հրթիռներու թիրախ դարձնելու արարքներուն շրջագիծին մէջ, ՏԱՀԵՇ ստանձնեց այդ գործողութիւնը` նշելով, որ իրենք հրթիռարձակումի ենթարկած են Հըզպալլայի կեդրոնները:

«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան բանակը խստագոյն միջոցներու դիմած է` զսպելու համար ականուած ինքնաշարժներուն երեւոյթը:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ուաթան» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա վեց հազար զինեալ տրամադրած է Եապրուտի մէջ սուրիական բանակին օժանդակելու գծով:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատուներէն Զիատ Ապս շեշտեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն հանրապետութեան նախագահի լուրջ թեկնածու է. ան աւելցուց, որ կառավարութիւնը լրջօրէն պէտք է վարուի սուրիացի գաղթականներու թղթածրարին հետ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ասեմ Քանսօ յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման սկսած է մաս կազմել Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն, պարզապէս այն իրականութեան համար, որ ան ջնջած է Բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն եռեակ տարազը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Քապպանի մաղթեց, որ կառավարութիւնը խորհրդարանի անդամներուն ջախջախիչ մեծամասնութեան վստահութեան քուէն կը ստանայ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ֆուատ Սաատ շեշտեց, որ «Բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն» եռեակ տարազը կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրէն ջնջելը Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն կողմէ իրագործում եւ նուաճում կը նկատուի:

ՍՈՒՐԻՈՅ բանտերուն մէջ գտնուող անյայտ կորսուած լիբանանցիներու թղթածրարի պատասխանատու Զիատ Աատ յայտնեց, որ իրենք ունին փաստաթուղթեր, որոնց հիմամբ Սուրիոյ մէջ կան աւելի քան 600 լիբանանցիներ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի ընդգծեց նախագահական ընտրութիւնը սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կատարելու անհրաժեշտութիւնը:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Ռամզի Ժրէյժ կոչ ուղեց փակելու մահուան անցքերը, որոնց միջոցով Լիբանան կը փոխադրուին ականուած ինքնաշարժները:

ԺԱՄԱԱ Իսլամիէի երեսփոխան Իմատ Հութ կոչ ուղղեց Հըզպալլային` հեռանալու Սուրիայէն:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով քաղաքական աղբիւրներէ, կը գրէ, թէ կառավարութիւնը նուազագոյնը 114 երեսփոխանի վստահութեան քուէին պիտի արժանանայ:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եաագուպ շեշտեց, որ Պեքաայի մէջ լուծումը այն է, որ լիբանանեան բանակը Արսալ մուտք գործէ` առանց անոր դիմաց որեւէ կարմիր գիծ զետեղելու:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Սելիմ Սայեղ յայտնեց, որ իրենց որոշումին մեկնակէտը պիտի ըլլայ ազգային շահը եւ ոչ թէ անձնական շահը:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի շեշտեց, որ Լիբանան ահաբեկչութիւնը ներածած է, եւ անիկա շատ վտանգաւոր է երկրին համար:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքին յայտնեց, որ Ռուսիա կը զօրակցի սուրիական վարչակարգին եւ ընդդիմութեան միջեւ լուրջ երկխօսութեան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES