Փաղանգաւոր Կուսակցութեան Նախարարները Պիտի Չհրաժարին

kataeb-party18-3-14Փաղանգաւոր կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդը երէկ երեկոյեան գումարեց արտակարգ երկրորդ նիստ մը` նախագահութեամբ կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլի:

Նիստէն ետք նախկին նախարար Սելիմ Սայեղ յայտնեց, որ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը իր նախարարներէն պահանջած է կառավարութեան ընդմէջէն քաղաքական ընդդիմութիւն դառնալ, հետեւաբար նախարարները պիտի չհրաժարին:

Սայեղ յայտնեց, որ իրենք կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը մերժած են, որովհետեւ անոր մէջ «Պաապտայի յայտարարութիւն»-ը չէր նշուած:

«Սակայն նկատի ունենալով, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շեշտած է, թէ երկրին քաղաքական հարցերուն լուծման եւ յատկապէս պաշտպանութեան ու բռնագրաւուած հողերուն ազատագրումին առումով կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը կը կեդրոնանայ պետութեան հեղինակութեան վրայ, ինչպէս նաեւ նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, թէ վարչապետ Թամմամ Սալամ հաստատած է, որ լիբանանեան պետութեան եւ անոր իշխանութեան ու գերիշխանութեան նկատմամբ կառչածութիւն կայ, այս բոլորը մեզի կը մղեն մէկդի դնելու կառավարութենէն հրաժարելու ընտրանքը եւ Լիբանանը արտաքին տագնապներէ չէզոք պահելու պայքարը մղելու պետական հաստատութիւններուն ընդմէջէն», ըսաւ ան:

 

Share this Article
CATEGORIES