«Թրիփոլիի Ապահովութիւն Երաշխաւորելու Եւ Տնտեսութիւնը Բարգաւաճեցնելու Ամբողջական Ծրագիր Մը Պիտի Մշակենք» Յայտնեց Թամմամ Սալամ

Թրիփոլիի վերաբերող նիստէն պահ մը

Թրիփոլիի վերաբերող նիստէն պահ մը

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին, վարչապետարանին մէջ նախագահեց նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան Թրիփոլիի եւ հիւսիսային Լիբանանի երեսփոխաններն ու նախարարները, ինչպէս նաեւ նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթին:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան քաղաքին մէջ տիրող ապահովական եւ տնտեսական կացութիւնը:

Նիստէն ետք վարչապետ Սալամ յայտնեց, որ Թրիփոլիի մէջ ընթացող զինեալ բախումներուն լոյսին տակ գումարուած այս նիստին ընթացքին որոշուած է հիւսիսային Լիբանանի մայրաքաղաքի` Թրիփոլիի ապահովութիւնը երաշխաւորելու եւ տնտեսութիւնը բարգաւաճեցնելու ամբողջական ծրագիր մը մշակել:

Սալամ յայտնեց, որ ներկաները մերժեցին Թրիփոլիի մէջ արձանագրուող զինեալ բախումները եւ ընդգծեցին լիբանանեան բանակին պատասխանատուութիւնը` օրէնքը բոլորին վրայ կիրարկելու, յանցագործները ձերբակալելու եւ երկրին ապահովական կայունութիւնը վերահաստատելու առումով:

Վարչապետ Սալամ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ուքրանիոյ դեսպանը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները:

Share this Article
CATEGORIES