Պըրրի Նախագահեց Ազատագրում Եւ Բարեկարգում Պլոքի Նիստին

Պլոքի նիստէն պահ մը

Պլոքի նիստէն պահ մը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի մէջ տիրող ընդհանուր իրավիճակն ու այսօր եւ վաղը տեղի ունենալիք խորհրդարանի լիագումար նիստերը, որոնց ընթացքին պիտի ներկայացուի կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը եւ ապա քուէարկութիւն պիտի կատարուի` ստանալու համար խորհրդարանի վստահութեան քուէն:

Նիստին ներկայ գտնուեցան նաեւ նախարարներ Ալի Հասան Խալիլ եւ Ղազի Զաայթեր:

Նիստէն ետք երեսփոխան Անուար Խալիլ յայտնեց, որ քննարկուած են կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրն ու անոր շուրջ կատարուելիք քուէարկութիւնը, ինչպէս նաեւ օրէնսդրական նիստերուն վերադառնալու անհրաժեշտութիւնը:

Պըրրի ընդունեց նաեւ խորհրդարանական հարցերու պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Խորհրդարանի նախագահը երկրին ապահովական կացութիւնը քննարկեց Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի հետ:

Share this Article
CATEGORIES