Ա. Նազարեան Ընդունեց Ելեկտրականութեան Եւ Վառելանիւթի Կայաններու Սենտիքաներու Պատուիրակութիւններ

Նազարեան` Քատիշայի ելեկտրական կայանի սենտիքայի պատուիրակութեան հետ

Նազարեան` Քատիշայի ելեկտրական կայանի սենտիքայի պատուիրակութեան հետ

Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Քատիշայի ելեկտրականութեան կայանի սենտիքայի մէկ պատուիրակութիւնը` ներկայութեամբ Լիբանանի ելեկտրականութեան ընկերութեան նախագահ Քամալ Հայեքի:

Հանդիպումին ընթացքին պատուիրակութիւնը դրուատեց նախկին նախարար Ժըպրան Պասիլի որդեգրած աշխատանքի ուղեգիծը, ինչպէս նաեւ ողջունեց նախարար Արթիւր Նազարեանը, որ նոյն ուղեգիծով կը շարունակէ նախարարութեան աշխատանքը:

Հանդիպումին ընթացքին յոյս յայտնուեցաւ, որ Լիբանանի մէջ ելեկտրականութեան մարզը դառնայ լիբանանցի քաղաքացիներուն ձգտումներուն համապատասխանող մարզ մը:

Ա. Նազարեանի այցելեց նաեւ վառելանիւթի կայաններու սեփականատէրերու սենտիքայի մէկ պատուիրակութիւնը` ներկայութեամբ քարիւղի շտեմարաններու ընդհանուր տնօրէն Սարգիս Հալլիսի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան պենզինի կայաններուն մէջ ինքնաշարժներու լուացումին պարագային ջուրի մսխում չկատարելու միջոցները` նկատի ունենալով այս ամրան Լիբանանի դիմագրաւելիք ջուրի տագնապը:

Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ նաեւ կայաններուն կապուած արտօնագիրները օրէնքի ու կանոնի հիման վրայ հրապարակելու կարեւորութիւնը:

Ուժանիւթի նախարարը ընդունեց կազի մարզի պատասխանատուները` գլխաւորութեամբ սենտիքայի նախագահ Ֆարիտ Զէյնունի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան մարզին դիմագրաւած հարցերը եւ պահանջուեցաւ կազի ընկերութիւններուն մէջ որդեգրել ապահովութեան անհրաժեշտ միջոցառումները, ինչպէս նաեւ մնայուն կերպով ստուգել պիւթակազի յատուկ շիշերը` քաղաքացիներուն ապահովութեան համար:

Share this Article
CATEGORIES