Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումը Կոչ Ուղղեց Արսալը Փրկելու Ծրագիր Մը Մշակելու
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որուն նախագահեց երեսփոխան զօր. Միշել Աուն:
Նիստէն ետք համախմբումի ընդհանուր քարտուղար երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ համախմբումը մշակեց կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրի քննարկումին մասին պատկերացում մը, որ խորհրդարանին մէջ պիտի արտասանուի իր կողմէ:
Քանաան յայտնեց, որ քննարկուած են Պեքաայի եւ Թրիփոլիի մէջ բանակին դէմ գործուած յարձակումները` աւելցնելով, որ համախմբումը որդեգրեց զօր. Աունի կեցուածքը, որուն հիման վրայ կոչ ուղղուեցաւ Արսալը եւ անոր մօտակայ գիւղաքաղաքները փրկելու ծրագիր մը մշակելու:
Համախմբումը կոչ ուղղեց քաղաքական այս հանգրուանին ազգային միասնականութիւնը եւ փոխըմբռնումը ամրապնդելու` պահպանելու համար երկրին ապահովական կայունութիւնը:

