«Երկրին Պաշտպանութեան Եւ Բռնագրաւուած Հողերուն Ազատագրումին Առումով Կառավարութեան Աշխատանքային Ծրագիրը Կը Կեդրոնանայ Պետութեան Հեղինակութեան Վրայ» Շեշտեց Նախագահ Սլէյման

Ժեմայէլ եւ նախագահ Սլէյման

Ժեմայէլ եւ նախագահ Սլէյման

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նշեց, որ երկրին քաղաքական հարցերուն լուծման, եւ յատկապէս պաշտպանութեան ու բռնագրաւուած հողերուն ազատագրումին առումով, կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը կը կեդրոնանայ պետութեան հեղինակութեան վրայ եւ անիկա կը դրսեւորուի բազմաթիւ յօդուածներով:

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլի հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մէջ նշուածը կը համընկնի նախագահական երդումի այն կէտին, թէ լիբանանեան պետութիւնը կը հիւրընկալէ բոլորը, ինչպէս նաեւ կը համապատասխանէ «Պաապտայի յայտարարութեան» եւ պաշտպանութեան ազգային ռազմավարութեան` երկիրը պաշտպանելու համար պետութեան հեղինակութեան վստահելու առումով:

Նախագահ Սլէյման հաստատեց, որ Լիբանանի պաշտպանութեան ազգային ռազմավարութեան քննարկումները պիտի շարունակուին` նկատի ունենալով նման ռազմավարութիւն մը ունենալու անկեղծ մօտեցումը, Սէուտական Արաբիոյ կողմէ բանակին յատկացուած աննախընթաց օժանդակութիւնն ու Իտալիոյ մէջ նոյն նպատակով գումարուելիք խորհրդաժողովը:

Ան շեշտեց, որ կառավարութիւնը կարիքը ունի, որ զայն բաղկացնող բոլոր տարրերը կարենան գործադրել անոր աշխատանքային ծրագիրը:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ նախարարութեան եւ բանակի հրամանատարութեան նախապատրաստութիւնները` բանակին կարիքներուն ցանկը ճշդելու առումով:

Նախագահ Սլէյման հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի հետ` քննարկելու համար երկրին ապահովական կայունութեան ամրապնդման նպատակով նախարարութեան որդեգրած քայլերը:

Նշենք, որ հանդիպումէն ետք Մաշնուք հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ Արսալի փոխքաղաքապետ Ահմետ Ֆլիթիի, ինչպէս նաեւ բանակին եւ ներքին ապահովութեան ուժերու հրամանատարներուն հետ եւ անոնցմէ պահանջեց յառաջիկայ 48 ժամերուն ընթացքին գումարել նիստ մը եւ ապահովական ծրագիր մը մշակել` կայունութիւն սփռելու համար ապահովական խախտումներ ապրող լիբանանեան շրջաններուն մէջ:

Միւս կողմէ, երէկ շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ այն լուրը, թէ նախագահ Սլէյման երկուշաբթի, 31 մարտին Ազգային երկխօսութեան նիստը պիտի հրաւիրէ ժողովի մը:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղան նաեւ«Միտըլ Իսթ» օդանաւային ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Մոհամետ Հութ, որ հանրապետութեան նախագահին ներկայացուց ընկերութեան աշխատանքներուն մանրամասնութիւնները:

Նախագահ Սլէյման հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Պետական շուրայի նախագահ, դատաւոր Շուքրի Սատերի հետ:

 

Share this Article
CATEGORIES