Եապրուտի Մէջ Բացայայտուած Է Լիբանան Առաքուող Ինքնաշարժները Ականելու Գործարան Մը
Սուրիական բանակը Եապրուտի մէջ բացայայտած է գործարան մը, որուն մէջ գտած է լիբանանեան թիւեր կրող ինքնաշարժներ, որոնք ականուած էին ու պատրաստ` առաքուելու Լիբանան:
Լիբանանեան տարբեր շրջանները հարուածող անձնասպանական գործողութիւններն ու ականուած ինքնաշարժներու պայթումները ապահովող այս գործարանը հիմնական էր` նկատի ունենալով անոր պարունակած իրերն ու սարքերը, ինչպէս նաեւ հրասանդերը, որոնք կ՛օգտագործուին պատրաստելու համար ականներն ու ռումբերը:
Նոյն գործարանին մէջ սուրիական բանակը գտած է նաեւ «Նիսան Միւրանօ» տիպի ինքնաշարժ մը, որ 200 քիլոկրամ «Ար. Թի. Էքս.» պայթուցիկ նիւթով ականուած է:
Սուրիական բանակը ականուած ինքնաշարժը վնասազերծած է:
Սուրիական բանակի սակրաւորներէն մէկը յայտնած է, որ ինքնաշարժը արդիական կերպով ականուած էր` աւելցնելով, որ անոր ականումը ցոյց կու տայ Քայիտայի աշխատելաոճը: Ան նշած է նաեւ, որ «Նիսան Միւրանօ»-ի ականումի ձեւէն կարելի է հաստատել, որ անիկա անձնասպանական գործողութեամբ կարելի է պայթեցնել եւ ոչ թէ հեռուէն:
Սուրիական բանակի սակրաւորը ընդգծած է, որ նոյն գործարանին մէջ բացայայտուած են 4×4 տիպի աւելի քան երեսուն ականուած ինքնաշարժներ, որոնք վնասազերծուած են եւ փոխադրուած այլ շրջաններ:

