Պէյրութի, Պեքաայի, Սայտայի Եւ Այլ Շրջաններու Մէջ Ճամբաներու Փակում` Արսալի Զօրակցութեան Նպատակով

Մարզական Աւանի ճամբան փակուած` հրկիզուող անիւներով
Արսալ-Լապուէ ճամբան փակելու իրականութեան դէմ իբրեւ բողոք, երէկ երեկոյեան Պէյրութի, Սայտայի, Մասնաայի եւ այլ շրջաններու մէջ ձեռնարկուեցաւ ճամբաները փակելու արշաւի մը:
Պեքաայի Արսալ գիւղաքաղաքի բնակչութեան իբրեւ զօրակցութիւն խումբ մը երիտասարդներ երէկ երեկոյեան Սաայտիյաթի մօտ փակեցին Պէյրութ-Սայտա մայրուղին:
Պեքաայի մէջ երիտասարդներու այլ խումբ մը Սաատնայէլի մօտ փակեց դէպի Սուրիա տանող միջազգային ճամբան:
Ազգային լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց նաեւ, որ Քապ Էլիասի, Պըհսասի եւ Ժտիթա-Շթորայի ճամբաները փակուած են հրկիզուած անիւներով:
Երեկոյեան շուրջ ժամը 8:30-ին Պէյրութի մէջ սկսաւ նոյն արշաւը, երբ հրկիզուած անիւներով փակուեցան Մարզական աւանի, Քոլայի, Քասքասի, Քոռնիշ Մազրաայի եւ Վերտանի փողոցները:
Հիւսիսային Լիբանանի մէջ փակուեցան Հալպայի հրապարակը, Պիրէի եւ Քուեշրայի ճամբաները, ինչպէս նաեւ Աքքար տանող ճամբան:
Աւելի ուշ Թրիփոլիի Նուր հրապարակը եւս փակուեցաւ, եւ անիւներ հրկիզող տղոց կողմէ հրկիզուեցան նաեւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի լուսանկարով որմազդները:
Հարաւային Լիբանանի պարագային փակուեցաւ Սայտայի ծովային ճամբան:
Ճամբաներու փակումին կողքին Աքքարի մէջ Մուսթաքպալ հոսանքի երիտասարդները պահանջեցին Հըզպալլայէն վերջ տալ Արսալի բնակչութեան շրջափակումին եւ բանալ Լապուէի հետ ճամբան:
Նշենք, որ երբ Պէյրութի Մարզական աւանին մօտակայքը բանակը կը փորձէր ճամբան վերաբանալ, լսուեցաւ կրակոց, որուն պատճառով ցուցարարներէն երեք երիտասարդներ վիրաւորուեցան:
Աւելի ուշ վիրաւոր երիտասարդներէն Հուսամ Շաուա (Թարիք Ժտիտէի բնակիչ) զոհուեցաւ` ծանրօրէն վիրաւորուած ըլլալուն պատճառով:
Բանակը այս դէպքին առումով հետաքննութիւն բացաւ:
Նշենք, որ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք երեկոյեան յայտնեց, որ Արսալ-Լապուէ փակ ճամբան այսօր առաւօտեան պիտի բացուի:
Միւս կողմէ, Մուսթաքպալ հոսանքի նախագահ, երեսփոխան Սաատ Հարիրի երէկ երեկոյեան կատարեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ զօրակցութիւն յայտնեց Արսալի եւ Թրիփոլիի բնակչութեան, ինչպէս նաեւ զգուշացուց այս երկու շրջաններուն դէմ նիւթուող սադրանքներէն եւ հրահրուող գրգռութիւններէն:
Նշենք, որ այս մտահոգութեամբ Հարիրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի, վարչապետ Թամմամ Սալամի եւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ:
Բանակին Դէմ Յարձակումներ`
Թրիփոլիի Մէջ
Երէկ գիշեր Քըպպէի մէջ լիբանանեան բանակին պատկանող փոխադրակառք մը թիրախ դարձաւ ականի մը, որուն պատճառով վիրաւորուեցան 3 բանակայիններ, որոնք փոխադրուեցան Թրիփոլիի հիւանդանոցները` անհրաժեշտ դարմանումներուն համար: Աւելի ուշ, դարձեալ Թրիփոլիի մէջ, բանակայիններու վրայ նետուեցաւ ձեռնառումբ մը, որուն պատճառով 5 զինուորներ վիրաւորուեցան:

