Ս. Փեթերսպուրկի Մէջ. Հրայր Կարապետեան Մասնակցեցաւ Ֆրանսախօսութեան Նուիրուած Ասուլիսին

Հրայր Կարապետեան
Ս. Փեթերսպուրկի հայկական մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը` նուիրուած Ս. Փեթերսպուրկի մէջ ֆրանսախօսութեան տօնին, որուն կազմակերպիչներն էին Հայաստանի Հանրապետութեան, Պելճիքայի, Պուլկարիոյ, Յունաստանի, Կիպրոսի, Ֆրանսայի, Զուիցերիոյ գլխաւոր հիւպատոսութիւնները եւ Ս. Փեթերսպուրկի Ֆրանսական հիմնարկի տնօրէնը:
«Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` ասուլիսին բացման խօսքը արտասանեց Ս. Փեթերսպուրկի Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Հրայր Կարապետեան, որ ներկայացուց Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան միջեւ երկկողմ յարաբերութիւնները եւ համագործակցութեան ծրագիրները: Գլխաւոր հիւպատոսը նշեց նաեւ, որ Հայաստանի դպրոցներուն եւ համալսարաններուն մէջ մեծ ուշադրութիւն կը տրուի ֆրանսերէնի ուսուցման:
Այնուհետեւ ելոյթ ունեցան Ս. Փեթերսպուրկի մէջ Յունաստանի, Պելճիքայի, Պուլկարիոյ, Կիպրոսի, Զուիցերիոյ եւ Ֆրանսայի գլխաւոր հիւպատոսները, որոնք մասնաւորաբար իրենց շնորհակալութիւնը յայտնեցին Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսին` մասնակցութեան եւ օժանդակութեան համար, ինչպէս նաեւ ներկայացուցին իրենց երկիրներու` Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան հետ համագործակցութեամբ սոյն թուականին տեղի ունենալիք ծրագիրները, որոնք կ՛ընդգրկեն շարժապատկերի փառատօներ, դասական եւ ժամանակակից երաժշտութեան համերգներ, ֆրանսերէնի մրցումներ, գիտաժողովներ, թատերական բեմադրութիւններ, հանդիպումներ գրողներու եւ բեմադրիչներու հետ: Հանդիպման աւարտին մասնակիցները պատասխանեցին զանգուածային լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու հարցումներուն:

